image

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (Բ. մաս)

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (Բ. մաս)

Կիրակի, 1 Հոկտեմբեր, 2017

Մեր տղան Յովիկը` Թորոնթոյէն կապ կը պահէ մեզի հետ խնձորի այգիէ մը։ Ընտանիքով խնձոր քաղելու գացած են։ Թոռնուհիներս ուրախ զուարթ կը ճռուողեն։ Իրենց կը հրաւիրեմ, որ գան մեր այգիի խնձորներն ալ քաղեն... Ակամայ կը յիշեմ տարիներ առաջ դիտած մէկ տեսաշարս Star Trek անունով, որուն մէջ անձերը կը տեղափոխուին տեղէ տեղ, սարքի մը միջոցաւ հիւլէականացուելու  ապա տեղափոխուած տեղը վերակազմուելու միջոցաւ։ Երնէկ այս մէկը իրականութիւն ըլլար եւ թոռներս մէկ րոպէէն յայտնուէին մեր մօտ... Պէտք է շնորհակալ ըլլալ որ արդի հաղորդակցութեան միջոցները գոնէ տեսնելու եւ խօսելու կարելիութիւնը կ’ընծայեն...

Այսօր կը նշուին, երաժշտութեան օրը, Կիւմրիի օրը եւ Տարեցներու օրը։

Տարեցներու միջազգային օրուան առիթով, Երեւանի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները այցելած են 100֊է աւելի բարձր տարիք ունեցող երեւանցիներուն, որոնց թիւը 23֊ն է։ Այս լուրը երկու խրախուսիչ բաղադրիչ ունի ինծի համար։ Երեւի տարեց կը համարուին 100֊է բարձր տարիք ունեցողները եւ երկրորդ, Երեւանի մէջ 23 հոգի յաղաթահարեր են այդ շեմը...

Խանութի ցուցանակի մը վրայ քանի մը օր առաջ կարդացած էի ընթացագործ բառը։ Այսօր բառարաններուս կը դիմեմ իմանալու համար, որ ի՞նչ կը նշանակէ։ Չեմ գտներ։ Համացանցի վրայ կը գտնեմ յօդուած մը, «Առաւօտ» թերթին մէջ, որ կ’անդրադառնայ այս բառին եւ կ’ուտայ անոր ռուսերէն հոմանիշը։ Համագիւղացիներուս կը հարցնեմ ռուսերէն բառին իմաստը, որովհետեւ զայն չեմ գտներ իմ ռուսերէնէ֊անգլերէն բառարանիս մէջ։ Ինքնաշարժի ընթացիկ մասերը նորոգող կը բացատրեն։ Կը շեշտեն նաեւ, որ շարժիչը մաս չի կազմեր ընթացիկ մասերուն։ Շարժիչը (motor) նորոգողը կը կոչուի շարժիչագործ...

Բառարանները այնքան կենսական են ինծի համար, դասական թէ համացանցային։ Դժուար կը պատկերացնեմ կեանքը առանց անոնց... Անոնց միջոցաւ երբեմն ոլոր֊մոլոր ճամբաներով ընդհանրապէս կը լուսաբանուիմ։

 

Այսօր Քաթալոնիայի մէջ տեղի կ’ունենայ հանրաքուէ, Սպանիայէն անկախանալու վերաբերեալ։

Երկուշաբթի, 2 Հոկտեմբեր, 2017

Օրը անձրեւոտ է։ Երկար ատեն է անձրեւ չէր տեղացած...

Այսօր կը յայտարարեն, որ Քաթալոնիայի անկախութեան հանրաքուէին մասնակցած քաթալոնացիներու 90 տոկոսը անկախացման թեր  արտայայտուած է... Անկախութիւնը որպէս գաղափար հրապուրիչ է բոլոր ժողովուրդներուն համար, սակայն հոն հասնելու համար հարկ եղած զոհողութիւններուն պատրաստ են քիչերը...

Կը սորվիմ լուսան բառը ( Lynx ), կատուներու ընտանիքին պատկանող վայրի գազան...

Կը լսենք Լաս Վէկասի մէջ սպանդի մը մասին,֊ 50 զոհ եւ մեծ թիւով վիրաւորներ։ Անմարդկայնութիւնը օրէ օր կը գերազանցէ ինքզինք...

Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր, 2017

Այսօր ճաշի հիւրեր ունիմ, բոլորն ալ թորոնթահայեր։ Եղբայրս` Լեւոնը եւ կինը` Անին, Անիին եղբայրը` Յակոբը եւ կինը` Ժիւլիէթը, զարմուհիս` Արշոն եւ ամուսինը Արմէնը։ Բոլորն ալ յարկաբաժիններ ունին Երեւանին մէջ եւ կանոնաւոր յաճախականութեամբ կ’այցելեն Հայաստան։  Առաջ կու գան Արշոն եւ Արմէնը, եւ առիթը կ’ունենանք մտերմիկ զրուցելու։ Աւելի ուշ կը հասնին միւսները։ Կ’ուտենք, կը խմենք, կը զրուցենք, կ’ուրախանանք։ Անին եւ եղբայրս աւելի երկար կը մնան, կարօտցած ենք ընտանեկան զրոյցները ապա երեկոյեան Վալդերենց տունը կ’երթանք միասին։

Ինչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ բոլոր ընտանիքի անդամներուն հետ ապրէինք նոյն տեղը, մեր հայրենիքին մէջ։ Մեր դրախտը ամբողջական պիտի ըլլար...

Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր, 2017

Գիտէինք, որ թորոնթոցի Գրիգորը այս օրերէն մէկը պիտի հանդիպի մեզի, թորոնթոյի Milk Fund֊ի կողմէն Ջիլի մանկապարտէզին երախաներու սնունդին համար դրամ փոխանցելու։ Այսօր Կիւմրիէն դէպի Երեւան ճամբուն վրայ կը հանդիպի։ Իրեն հետ են նաեւ թորոնթոցի Վահանը եւ Զարեհը, ինչպէս նաեւ տեղացի Լենան։ Կը ծաւալենք ջերմ եւ մտերմիկ խօսակցութիւն։ Շատ հարեւանցի կերպով կը նշեն, որ քանի մը օր է Կիւմրի էին, Gyumri Project Hope կազմակերպութեան աշխատանքներով «Incorporating The Historic District of Kumayri» խորագրով գրքոյկ մըն ալ կը թողուն մեզի։ Վերջերս յաճախ կը լսենք Կիւմրիի պատմական կեդրոնը վերակենդանացնելու աշխատանքներուն մասին, ուստի մեր հիւրերուն երթալէն ետք կը նստիմ համակարգիչիս առջեւ յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու։

Կ’իմանամ, որ կազմակերպութեան նախագահը (chairman), թորոնթոցի Վահան Գոլոլեանն է, որուն ծանօթ ենք իր մանկութենէն։ Այսօր մեզի այցելող Լենան այս կազմակերպութեան վարիչ տնօրէնն է։ Կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2015֊ին արտագաղթի ճգնաժամը քննարկող ուսումնասիրութեան մը հրապարակումէն ետք։ Այս ուսումնասիրութեան ձեռնարկողը եղած է նոյն ինքն Վահանը։ Ըստ այս ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն, Կիւմրիի շրջանը վերջին տասնամեակներուն արտագաղթի ամենամեծ տոկոսը ցուցաբերած է։ Վահանի նախաձեռնութեամբ հիմնուած է Project Hope֊ը, որուն հիմնադիր գործընկերները դարձած են Kololian Foundation֊ը IDeA foundation֊ը, ՀԲԸՄ֊ը եւ ՀՕՄ֊ը։ Կիւմրիի պատմական Կումայրի հատուածի վերականգման գաղափարի հեղինակ Վահանը, այս կազմակերպութեան առաջին ձեռնարկութիւնը կը դարձնէ այս վերականգման հնարաւորութիւններն ու գործնականութիւնը քննարկող ուսումնասիրութիւն մը (feasibility study), որուն առաջարկները կը հրատարակուին։ Ուսումնասիրութիւնը իր մէջ կը ներառէ նաեւ Կիւմրիի այլ շրջաններու ինչպէս Շիրակի մարզի զանազան պատմական յուշարձաններու շուրջ, ենթակառուցուածքային փոփոխութիւններու առաջարկներ, մարզը դարձնելու  զբօսաշրջիկութեան համար հրապուրիչ կեդրոն։ Առաջարկներէն 10֊ը կը վերաբերին Կիւմրիին եւ վեցը Շիրակի մարզի այլ տեսարժան վայրերուն։ Այս առաջարկները ընդհանուր վերացական հասկացողութիւններ չեն այլ լաւ սերտուած եւ գոյութիւն ունեցող շէնքերու եւ փողոցներու վերաբերեալ մանրակրկիտ լուծումներով։ Այս առաջարկներէն երկուքը արդէն ընթացքի մէջ են։ Շուկայի վերափոխման աշխատանքները կը ստանձնէ տեղացի գործարար մը, որուն աշխատանքներուն Project Hope֊ը միայն խորհրդատուական վերահսկողութիւն ունի, իսկ Կումայրի պատմական շրջանի վերականգնումը կը ստանձնէ` Կառավարութիւնը, Վարչապետի գլխաւորութեամբ, որուն իրականացման աշխատանքներուն գործօն կերպով կը մասնակցի։

Այս տեղեկութիւնները կը քաղեմ, Gyumriprojecthope.org  կայքէջէն,  Incorporating The Historic District of Kumayri գրքոյկէն եւ հեռաձայնային կապ հաստատելով տնօրէն` Լենա Մուրատեանին հետ։ Պէտք է ըսել, որ իսկապէս տպաւորուած եմ։ Այս արդէն սովորական բարեգործութիւն չէ այլ տեսիլք ունեցող անձի մը գործնական քայլերը, զայն իրականութիւն դարձնելու։ Հպարտ եմ մանաւանդ, որ այդ տեսիլքը կը պատկանի ինծի ծանօթ թորոնթոհայու մը։

Հիմա երբ հեռատեսիլէն Կումայրիի վերականգման աշխատանքներուն մասին լսեմ հետաքրքրութիւնս կրկնապատկուած է։

Դժբախտաբար, այսօր, միտում կայ օգտագործելու օտար լեզուներ, մեր հարցերը լուծելու անզուգական ձեռնարկներու կողմէ։ Վերադարձ Հայաստան կազմակերպութիւնը, որ կը խթանէ ներգաղթը եւ կ’աջակցի ներգաղթողներուն, իր բոլոր հաղորդակցութիւնները կը վարէ անգլերէնով։ Նոյնն է պարագան նաեւ այս հիանալի ձեռնարկութեան։ Կայքէջը, հրատարակութիւնները եւ առաջարկները անգլերէնով են։ Որքան աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար անգլերէնին կողքին տեսնել նաեւ հայերէնը։  Չեմ ուզեր հաւկիթին մէջ մազ փնտռողի տպաւորութիւն ձգել, սակայն մեր պետութեան պաշտօնական լեզուի փոխարինումը այս եւ այլ  նմանատիպ, մեր պետութեան ապագայով հետաքրքրուած եւ շօշափելի ներդրում ունեցող ձեռնարկութիւններուն կողմէ, կը մտահոգէ զիս։

Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբեր, 2017

Մեր հիւրերը նախկին պոլսահայեր բայց արդէն շատոնց թորոնթահայեր Արմէնը, Սիլվան եւ Աղաւնին են։ Երբ Թորոնթօ այցելենք, անպայման կը հիւրասիրուինք իրենց տուներուն մէջ։ Երեքն ալ իրենց շարունակական ներդրումը ունին մեր գիւղի բարեկարգման աշխատանքներուն։ Անոնք յարատեւ ներդրում ունին նաեւ Կայան սահմանամերձ գիւղին մէջ Պոլսոյ Հինդլեան դպրոցի սաներու կողմէ հաստատուած նոյնանուն դպրոցին մէջ։ Սիլվան պայուսակներով խաղալիք բերած է Թորոնթոյէն, նուիրաբերելու համար։ Մարգարը եւ ես իսկապէս կը գնահատենք անհատներու  մօտեցումը եւ ներդրումը մեր Հայրենիքին մէջ բան մը փոխելու դէպի լաւը։ Ափսոս շատերու մօտ ան խօսքէն անդին չ’անցնիր։   

 

Երեկոյեան այցելութեան կու գան հարեւան Արտաշը, Սուսանը եւ իրենց տղան Արտակը։ Անհամբեր կը սպասեն իրենց առաջին թոռան ծնունդին։ Արփինէն միայն 14 ամիս առաջ ամուսնացաւ եւ հարս գնաց Արգինա գիւղը։ Ըստ Սուսանի, հարսի մայրն է, որ պէտք է զբաղուի երախայի անկողնի, մահճակալի եւ յարակից պիտոյքներու հարցով։ Արտաշը կը պնդէ, որ երախան չծնած պատրաստ չէ ընելու գնումները։ Հեռաւոր անցեալին, մեր առաջին զաւկի` Յովիկի ծնունդէն քանի մը օր առաջ երբ մօրս ակնարկեցի, որ այդ օրը տուն պիտի բերեն երախայի սենեակի կահոյքը, խստիւ արգիլեց որ տուփերէն հանենք եւ կազմենք զանոնք, մինչեւ երախայի ծնունդը... Երեւի հայկական սովորութիւն մը կամ նախապաշարում մըն է այս մէկը...

Ուրբաթ, 6 Հոկտեմբեր, 2017

Ընկոյզները հաւաքելու ժամանակն է։ «Միայնակ Ընկուզենի» կոչուած, այն ընկուզենին որ գոյութիւն ունէր մեր հողին վրայ երբ գնեցինք զայն, այս տարի նշանակալի բերք տուաւ, առաջին անգամ ըլլալով։ Ան միայնակ ըլլալէ շատոնց դադրած է, ուրիշ երեք ընկուզենիներ  եւ հարիւր յիսունէ աւելի ծառեր միացած են իրեն անցեալ 10 տարիներու ընթացքին, բայց տակաւին անոր անունը չենք փոխած։ Մարգարը գաւազանը ձեռքին կը ջանայ վար առնել ընկոյզները։ Մօտ կէս դոյլ ընկոյզ կը յաջողի հաւաքել...

Շաբաթ, 7 Հոկտեմբեր, 2017

Մեր հիւրերը կրկին թորոնթահայեր են` Նորան, Արծուիկը, Սեդան եւ Սեդայի քոյրը` Մառին, Րոթըրտամէն։ Նորան  մեր փոքր տղուն` Վազրիկի դաշնամուրի ուսուցչուհին էր։ Վեց տարի շարունակ ամէն շաբաթ օր այցելած ենք իր տունը։ Ուրախ ենք կրկին հանդիպելու իրեն։ Սեդան, Արծուիկն ու Մառին ալ անծանօթներ չեն։ Հաճելի ժամանակ կ’անցընենք... Սեդան սալոր կը քաղէ մեծ ուրախութեամբ եւ արդէն քաղուած խնձորի եւ տանձի հետ կը պատրաստենք, որ հետերնին տանին։ Մարգարը իրենց Մշակոյթի տուն կը տանի։ Չորսն ալ մասնակցած են անոր վերակառուցման։   Զրոյցը կը շարունակենք «Հին Աշտարակ» ճաշարանին մէջ։ Շատ հաճելի օր մը կ’անցընենք։

Լուրերէն կրկին կ’իմանամ, որ «Էրեբունի֊Երեւան 2799»ին ընդառաջ Երեւանի քաղաքապետարանը կրկին համաքաղաքային շաբաթօրեակ յայտարարած է... Չեմ ուզեր գիտնալ, որ այս անգամ քանի թոն աղբ հաւաքած են...

Հետքրքրական կը գտնեմ հետեւեալ լուրը,֊

«Իտալացի աւագ խոհարար Նիկոլա Դի Մաուրոն Հայաստան է եկել եւ Սիւնիքում կիսաֆաբրիկատ պիցցայի արտադրութիւն է հիմնել: Նա լրագրողների հետ զրոյցում պատմեց, որ Հայաստան եկել է 1 տարի առաջ՝ Հռոմից: Իտալիայի Հանրապետութիւնում եւ Ռուսաստանի Դաշնութիւնում մի շարք ռեստորաններ ունեցող գործարարը նպատակ ունի կիսաֆաբրիկատ պիցցան արտահանել նաեւ եւրասիական շուկայ:

«Վերջին մէկ տարուայ ընթացքում ես Սիւնիքում աշխատել եմ նոր ծրագրի վրայ, որն է՝ ստեղծել յատուկ պայմաններում սառեցուած կիսաֆաբրիկատ պիցցայի արտադրութիւն: Կիսաֆաբրիկատ պիցցան պատրաստուելու է իտալական ձեւով, սակայն բացառապէս տեղական մթերքով: Փորձելու ենք մթերքը ձեռք բերել Սիւնիքի մարզի յարակից տարածքներից, ինչը կը նպաստի ընկերութեան ֆինանսների տնտեսմանը»,- ասաց նա:

«...Նախատեսւում է, որ կիսաֆաբրիկատ պիցցայի արտադրութեան գործարանում 1 ամսուայ ընթացքում արտադրել մօտ 250.000 պիցցա: Նա շեշտեց՝ արտադրութեան աւտոմատացումը փորձել են հնարաւորինս նուազեցնել, որպեսզի ստեղծեն աւելի շատ աշխատատեղեր:

«Գործարանում նուազագույն աշխատատեղերի քանակը 1 գծային արտադրամասում 50 աշխատող է, իսկ առաւելագույն աշխատատեղերի քանակը 3 գծային արտադրամասում 150 աշխատող: Գործարանը պատրաստուել է միջազգային ստանդարտներին համապատասխան ամենաբարձր սարքաւորումներով: Մեր չափորոշիչն է ոչ միայն ապահովել սննդի բարձր որակ, այլեւ ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որպէսզի աշխատողներն աշխատեն որակեալ պայմաններում: Գործարանում աշխատելու են որակաւորուած մասնագէտներ»,- ընդգծեց Նիկոլա Դի Մաուրոն:»

Կիրակի, 8 Հոկտեմբեր, 2017

Այսօր վարորդ Հրայրը եկաւ Մարգարը տանելու Ծաղկաձոր, մասնակցելու Սփիւռքի հայագիր եւ օտարագիր գրողներու վեցերորդ համաժողովին։ Մինչեւ Հինգշաբթի հոն պիտի մնայ...

Երկուշաբթի, 9 Հոկտեմբեր, 2017

 

Վալդերը որոշեց, որ կարելի չէ աւելի երկար սպասել մեր ծառերու խնձորները հաւաքելու։ Մարգարին բացակայութեան կէս սնտուկ (հոս պիտի ըսէին արկղ) խնձորները հաւաքեց եւ տեղաւորեց կառատան մէջ։ Աւելի ուշ զայն պէտք է փոխադրել մարան որ չցրտահարուի։ Մարգարը երբ Ծաղկաձորէն վերադառնայ չեմ գիտեր ինչպէս պիտի ընդունի խմձորներուն քաղուած ըլլալը։

Երեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր, 2017

Մեր եւ հարեւան Սուսանի սահմանին վրայ կայ հսկայ ընկուզենի մը։ Անգիր համաձայնութեամբ, երբ ընկուզենին թափ տան, մեր կողմը ինկած ընկոյզները մերն են։ Այսօր Սուսանը կու գայ ինծի զգուշացնելու, որ արդէն թափ տուած է այդ ընկուզենին։ Ըստ իրեն եթէ ընկոյզները անմիջապէս չհաւաքեմ, «մկները» կը տանին զանոնք։ Աւելի ուշ յայտնի կը դառնայ, որ «մկներ» ըսելով նկատի ունի ոչ միայն դաշտային մուկերը այլ նաեւ հարեւաններու երախաները... Մէկ երրորդ դոյլ ընկոյզ կը հաւաքենք... Ձմրան համար, Սուսանէն մեծ քանակութեամբ արդէն կտրուած եւ մաքրուած ընկոյզ ալ կը գնեմ, եւ սկուտեղներու մէջ կը փրեմ չոռնալու...

Ձմրան պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են։ Այսօր կը պարպուին, կը լուացուին եւ կը հականեխուին մեր խմելու ջուրի ջրամբարները...

Չորեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր, 2017

Այսօր մեր առջնեկ թոռնուհի Նայիրայի չորրորդ տարեդարձն է։ Երբեմն այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ միաժամանակ երկու ցամաքամասերու վրայ կ’ապրինք։ Նման օրերու մտքով ովկիանոսներէն անդին ենք...

Նայիրան ծնած է աղջիկներու միջազգային օրը (International day of the girl child)։ Այս զուգադիպութիւնը դիպուկ կը գտնեմ։ «Այս տօնի միջոցով կոչ է արւում ուշադրութիւնը կենտրոնացնել խնդիրների լուծման անհրաժեշտութեան վրայ, որոնց բախւում են ամբողջ աշխարհի աղջիկները եւ խրախուսել աղջիկների իրաւուքների եւ հնարաւորութիւնների ընդլայնումը»,֊ կը կարդամ։ Կը յուսամ որ մինչեւ Նայիրայի մանկամարդուհի դառնալը աղջիկները կը դառնան աշխարհի լիիրաւ բնակիչները...

Մարգարը տակաւին Ծաղկաձոր է։ Ընկերուհիս Հիլտային հետ Աշտարակ կ’իջնենք։ Պարենային գնումներէ ետք կ’երթանք Պասկալ եւ Դիոտադօ սրճարանը։ Սրճարանի երիտասարդ սպասեակը (հոս պիտի ըսէին մատուցողը), ժպիտով կը մօտենայ մեզի եւ «լաւ էլ վարում ես աւդոն», կ’ըսէ։ Իրեն համար հաւանաբար տարօրինակ է իմ տարիքիս կին մը ղեկին տեսնելը։

Անին` սրճարանատէրերու մայրը, հոն է, ուրեմն կը նստինք զրուցելու։ Շատ ժամանակ չանցած, հեռաձայն կը ստանանք Վալդերէն։ Մտահոգուած է... Իրեն համար երկու կին ինքնաշարժով առանց տղամարդու քաղաք իջնելը մտահոգիչ է։ Մարգարին բացակայութեան, իր վրայ վերձուցած է մեր պատասխանատուութիւնը։ Կը խնդանք...

Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր, 2017

Ծաղկաձորի մէջ այսօր իր լրումին կը հասնի Գրողներու Միութեան համաժողովը։ Սկիզբէն ժամդրւած ենք Մարգարին հետ։ Վալդերին, Լաուրային եւ Հիլտային հետ կ’երթանք Ծաղկաձոր զինք ետ բերելու։

Հակառակ կանխագուշակումներուն, արեւոտ, տաքուկ եւ հաճելի աշնանային եղանակ է։ Մէկ ժամէն տեղ կը հասնինք։ Ծաղկաձորը հիանալի բնութեաբ օժտուած հանգստավայր է։ Ծաղկաձորի մէջ գրողներու միութեան ստեղծագործական տունը սքանչելի դիրքով, բաւական վերանորոգուած հաճելի տեղ է։ Մարգարը կը գտնենք բարձր տրամադրութեան  մէջ։ Պատմելու շատ բան ունի։ Յայտնի է, որ այս մտաւորական մթնոլորտը կարօտցած էր։ Կը հաւաքենք իրերը եւ ճամբայ կ’ելլենք «Բուրմունք» ճաշարանը գտնելու։ Այս ճաշարանը մեզի թելադրեց Գրողներու ստեղծագործական տան տնօրէն` Մովսէսը։ Բարձրունքի վրայ, ապակեայ առանձին տաղաւարներով ճաշարան  մըն է այս մէկը։ Կը հանգրուանենք այս տաղաւարներէն մէկուն մէջ։ Ճաշացանկը` ընդունուածն է,֊ խորոված, ձուկ, աղցաններ... 

Տաղաւարներու ապակեայ պատերուն պատճառաւ, բնութեան մէջ ըլլալու պատրանքը ունինք։ Ծառերը սկսած են աշնանային գոյներով պճնուիլ։ Գեղատեսիլ վայր է։ Հաճոյքով կ’ուտենք մեզի բերուածը, ապա  ճամբայ կ’ելլենք դէպի Ուշի։

Գանատայի մէջ, այս եղանակին, քաղաքաբնակները կը ջանան քաղաքէն դուրս պտոյտի երթալ, վայելելու աշնան գոյները։ Թէեւ մենք քաղաքաբնակ չենք եւ ամէն օր կը վայելենք բնութեան հրաշագեղ տեսարանները, այս պտոյտը մեզի կը յիշեցնէ քաղաքէն դէպի բնութիւն փախչելու այդ սովորութիւնը։

Երեկոյեան մէկ օր ուշացումով կը նշենք Նայիրայի չորրորդ տարեդարձը։ Հարեւաններս ծննդեան թխուածք ալ առած են, որուն մոմերը իր բացակայութեան կը փչեմ ես, մտովի իրեն մաղթելով առողջութիւն եւ երջանկութիւն։

Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր, 2017

Հարեւան Սուսանի եւ Կորիւնի թոռը` Կորիւնը, Մոսկուայի մէջ, մանչ զաւակով մը բախտաւորուած է։ Այսօր Սուսանը  հարեւան կիները կը հրաւիրէ սուրճի, այս իրադարձութիւնը նշելու համար։ Կը նստինք սեղանին շուրջ, կը շնորհաւորենք եւ մաղթանքներ կը փոխանցենք։ Յատկանշական է, որ կիներու հաւաքներուն ալքոլային խմիչքներ չկան, մինչդեռ երբ տղամարդիկը կը հաւաքուին, ալքոլը պայման է... Կիները բոլորն ալ կը ճանչնանք, ոմանք աւելի լաւ քան ուրիշները։ Կիներէն մէկը կը գանգատի որ իր դրան առջեւի փողոցային լոյսի լամբը այրած է եւ կը հարցնէ, թէ ո՞վ է պատասխանատուն զայն փոխելու... Կը խնդրեմ, որ գիւղապետարանին դիմէ... Հաւանաբար իմացած է, որ անցեալ տարի սպասելէ հոգնելով մենք ձեռնարկած էինք լամբերու փոփոխութեան... Ուրիշ մը կը գանգատի, որ գիւղապետարանի ձեռնարկած փողոցներու կուպրապատման աշխատանքները իր փողոցը չեն հասած... Կը զարմանամ, որ փոխանակ գնահատելու գիւղապետի ջանքերը, բարելաւելու մեր գիւղի փողոցները, կը գանգատին որովհետեւ անձնապէս իրենց չ’առնչուիր բարելաւումը։, 

Մարգարը եւ ես նստած ենք մեր համկարգիչներուն առջեւ եւ կը զբաղինք օրուան լուրերով եւ քանի մը տող խծբծելով երբ վրայ կը հասնի Արտակը։ Երեսները կարմրած են եւ հսկայ ժպիտ մը ուրուագծուած դէմքին վրայ։ Կ’աւետէ քրոջը Արփինէի աղջկան ծնունդը։ Մայրը եւ հայրը ճամբայ ելած են դէպի Արմաւիր, հանդիպելու իրենց առաջին թոռանը։ Արտակը պէտք է մնար տուն, խնամելու համար իրենց հորթուկները... Այս մեր «երախաներուն» երրորդ զաւակն է, Տիանայի Աշոտէն եւ Ֆենիայի Արեւիկէն վերջ։ Այս մէկն ալ կ’անուանեն Արեւիկ...

Երեկոյեան կը հանդիպինք Վալդերենց տունը, շնորհաւորեելու կնոջը` Լաուրայի տարեդարձը։ Մեր նպատակը քանի մը րոպէով հանդիպիլն էր, սակայն կը մնանք ընթրիքի...

Շաբաթ, 14 Հոկտեմբեր, 2017

Այսօր ամէնամեայ Էրէբունի֊Երեւան տօնակատարւթեան օրն է։ Ըստ սովորութեան, հիմնական միջոցառումները կը սկսին ջրցան մեքենաներու շքերթով։ Երիտասարդ կամաւորներու օգնութեամբ, կը լուացուին մայրաքաղաքի արձանները... Անկէ ետք կը սկսին շքերթները, համերգները ընդունելութիւնները, որոնք կ’աւարտին հրավառութեամբ... Օդապարիկները կը զարդարեն Երեւանի երկինքը իսկ փուչիկները ամէն տեղ են... Այս առիթով ոմանք կը պարգեւատրուին եւ ոմանք ալ բնակարաններ կը ստանան... Համաժողովրդական տօնակատարութիւնները, խորհրդային շրջաններէն մնացած կարեւոր աւանդոյթ են... Անցեալ շաբաթներուն զանազան քաղաքներ ինչպէս Էջմիածինն ու Կիւմրին, տօնեցին իրենց օրերը...

 Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր, 2017

Կիրակի է, բայց մեր խոհանոցին մէջ աշխատանքային օր է։ Վերջին հաւկթաձեւ սեւ սալորները հաւաքուեցան։ Այսօր զանոնք չիրի կը վերածեմ։ Հաւաքեցինք նաեւ բանջարի վերջին բերքը եւ զայն ձմրան համար սառցարան տեղեւորեցինք։ Լոլիկի տունկերուն վրայ (հոս անոնք քոլ կը կոչուին) մնացած կանանչ լոլիկները հաւաքուեցան եւ անոնցմով համացանցէն առնուած բաղադրատոմսով տապկոց պատրաստեցի (Green fried tomatoes)...Տակաւին պէտք է զբաղուիլ թեթեւ վնասուած խնձորները պահածոյացնելով, բայց արդէն իրիկուն է...

Երեկոյեան հրաւիրուած ենք Արտաշի եւ Սուսանի տունը, նշելու իրենց առաջին թոռան Արեւիկի ծնունդը։ Տունէն դուրս չելած յանկարծ կ’անջատուի ելեքտրական հոսանքը։ Կը հեռաձայնենք իմանալու համար, որ նշումը տակաւին ի զօրո՞ւ է։ Կը վստահեցնեն, որ այո։ Կը զինուինք լուսարձակներով եւ կ’երթանք իրենց տունը։ Արտաշը հնարամտօրէն լուսաւորած է իրենց հիւրասենեակը, օգտագործելով իր ինքնաշարժի մարտկոցը (battery)։ Հաւանաբար գիւղի միակ լուսաւորուած տունն է... Կը խմենք նորածին Արեւիկի, ծնողներուն, տատերուն, պապերուն եւ բոլորին կենացը։ Մտերմիկ եւ հաճելի երեկոյ է։ Ուշ գիշերին կը միացնեն հոսանքը։ 

Այս օրերուն, կը շրջանառուի ընտանեկան բռնութեան դէմ օրինագիծ մը, որ բաւական թեր ու դէմ կարծիքներու տեղի կու տայ։ Ոմանք կը կարծեն, որ օրինագիծը կը քայքայէ հայկական ընտանիքի հիմերը եւ որ սա եւրոպայէն ներմուծուած օրինագիծ է, իսկ ուրիշներ կը կարծեն, որ ընտանեկան բռնութիւնը երբեք մաս չէ կազմած հայկական աւանդական ընտանիքին։ Անցեալ եօթը տարիներու 50 կիներ զոհ գացած են ընտանեկան բռնութեան... Ոմանց համար այս թիւը բաւական մեծ չէ օրէնքով կարգաւորելու համար, ուրիշներ կը կարծեն, որ մէկ զոհը իսկ բաւարար է նման օրինագիծ մշակելու։ Զարմանալիօրէն, դէմ եղողներուն մէջ կան նաեւ կիներ... Անձնապէս, բռնութիւնը ինծի համար անընդունելի է, բոլոր մակարդակներու վրայ եւ ֆիզիքական բռնութիւնը նկարագրային տհասութեան եւ տկարութեան դրսեւորում կը նկատեմ։ Երբ տրամաբանութիւնը կ’առկախուի կը դիմենք կենդանական աշխարհի, ֆիզիքական ուժով հարթուող լուծումներուն...

Երկուշաբթի, 16 Հոկտեմբեր, 2017

Երեւան կ’իջնենք, մեր յարկաբաժինը ձմրան համար պատրաստելու։ Պէտք է անջատել ջուրը ելեքտրականութիւնն ու գազը։ Աւելի ուշ կրկին պէտք է այցելել զայն միացնելու համար ջեռուցումը։ Ամէն տեղ փուչիկներ են։ Այնպէս կ’երեւի որ Էրեբունի֊ Երեւան տօնակատարութեան ընդառաջ բազմաթիւ խանութներ փուչիկներով զարդարած են իրենց ցուցափեղկերը...

 Օդերեւութաբանները բոլոր օրը կը նախազգուշացնէին մրրիկի մասին։ Մեր հեռաձայներուն վրայ հաղորդագրութիւն ստացանք այդ մասին։ Տաւուշի եւ Սիւնիքի մարզերը մասնաւորապէս նշուած էին, ուստի մենք չանհանգստացանք։ Սակայն մեր Ուշի հասնելէն ետք քամին կը սաստկանայ... Շուտով կրկին կ’անջատուի ելեքտրական հոսանքը։ Կը սուլեն պատուհանները, ծառերը կը խոնարհին, գետին ինկող առարկաներու ձայներ կը լսուին։ Մարգարը կը շրջի տան չորս կողմը վստահ ըլլալու հանար, որ պատուհաններու ցանցերը ամրացուած են։ Կ’ենթադրենք, որ կտուրի եւ գաւիթի աթոռները տեղաշարժի մէջ են, բայց չենք համարձակիր դուրս ելլել...

Այսօր Ժնեւի մէջ պիտի հանդիպէին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները։ Ոչ հեռատեսիլ կրնանք միացնել, ոչ ալ համակարգիչ։ Լուրերուն չենք կրնար հետեւիլ։

Կանուխէն կը մտնենք անկողին։

Երեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր, 2017

Առաւօտուն կը նկատենք, որ ջարդուած է գաւիթի սեղաններէն մէկուն ապակին։ Գաւիթի աթոռները յայտնուած են այգիին մէջ։ Նայիրայի ծառին վրայի խնձորները չեն դիմացած քամիին։ Կտուրի լուսաւորութեան թելերը կախուած են։ Հոսանքը կրկին միացուցած են...

Կէսօրէն ետք մեր հիւրերը Աթէնքէն են։ Իսկուհին Մարգարին դասընկերուհին եղած է, իսկ Ռոզան իր աշակերտը։ Բնականաբար, խօսակցութեան նիւթը Աթէնքի բարեկամներն ու ծանօթներն են։ Աթէնքէն ուղեւորատարով եկած են։ Ճամբորդութիւնը տեւած է երեք անընդմէջ օր ու գիշեր... Միայն ութը օրով եկած են Հայաստան եւ վաղը արդէն կը վերադառնան։ Մարգարը զիրենք տառերու պուրակը կը տանի։ Ապա վարորդ Հրայրը կու գայ զիրենք տանելու Երեւան։

Այս երեկոյ հոսանք ունինք։ Ուստի լուրերը պիտի կարենանք առնել... Կ’իմանանք, որ փոթորիկը սպասուածէն աւելի մեղմ եղած է, թէեւ կան տապալուած ծառեր եւ ելեքտրական սիւներ... Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու հանդիպումէն յստակ լուրեր չկան։ Համաձայնած են աշխուժացնել բանակցութիւնները եւ աշխատիլ սահմանային լարուածութեան թուլացման համար...

Չորեքշաբթի, 18 Հոկտեմբեր, 2017

Արեւոտ օրերը կը վերադառնան։ Նոյնիսկ ջերմաստիճանը կը բարձրանայ։ Ոսկի Աշուն բառակապակցութիւնը իսկապէս կը նկարագրէ եղանակը։

Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբեր, 2017

Երկար ժամանակէ ի վեր Մարգարը եւ Հայաստան Հրատարակչութեան տնօրէն` Վահագնը, կը ծրագրէին ցերեկոյթ մը կազմակարպել ֆրանսահայ արձակագիր` Մովսէս Պչաքճեանի  Լիակատար Երկերու Ժողովածոյի ութ հատորներու Հայաստանի մէջ հրատարակութեան առիթով։ Աւաղ Մովսէսը մահացաւ ութերորդ հատորի հրատարակութենէն առաջ։ Թուականը ճշդած են արդէն` Հոկտեմբերի 28֊ը։ Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Ուշիի Մշակոյթի տան մէջ։

Մինչ Մարգարը զբաղած է կազմակերպելով այս ցերեկոյթը, ես ալ կը զբաղիմ ձեռնարկէն վերջ բացուելիք սեղանով։  Տալմա Կարդըն Մոլ գացած ենք այս առիթով գնումներու եւ մօտակայ Պուլանժերի տը Փարի նստած կ’ըսենք, որ այլեւս արտասահմանցի այցելուներու հանդիպելու եղանակը փակուած է, երբ կը տեսնենք թորոնթոցի Միհրանն ու Վիքթորեան։ Ուրեմն դեռ զբօսաշրջիկային եղանակը, որ բացուեցաւ Ապրիլին, դեռ փակուած չէ...

Շաբաթ, 21 Հոկտեմբեր, 2017

Այս օրը կարելի է սրբել իմ օրացոյցէս։ Եղանակի փոփոխութեան ժամանակ, տարեկան երկու անգամ, գարնան եւ աշնան, կ’անհանգստանամ։ Բժիշկ Սաբրոն կու գայ եւ կը նշանակէ հարկ եղած դեղամիջոցները։ Մեր համագիւղացի բուժքոյր Արեւիկը կու գայ իրականացնելու ներերակային կաթիլային սրսկումները։ Յոյսով եմ որ շուտով կը վերադառնամ բնականոն առողջութեանս...

Ծրագրած էինք Երեւան իջնել ներկայ ըլլալու Յունական դեսպանութեան կազմակերպած թատերական ելոյթի մը, Կոմիտասի թանգարանէն ներս, սակայն չենք յաջողիր իրականացնել այդ ծրագիրը։

Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր, 2017

Մեր այցելուներն են Գուսան Հայկազունը, կինը` Արմինէն եւ իրենց միամեայ աղջիկը` Անահիտը։ Մեզի կը ներկայացնեն Գուսանի հեղինակային երգերու նոր հրատարակուած երգարանը։ Քանի  մը օրինակ կը գնենք մեր բարեկամներուն համար։ Լաւ պատրաստուած երգարան մըն է։

Անմիջապէս ետք, այցելութեան կու գան մոնթրէալահայեր` Յովիկը եւ Էտիդը, որոնց առաջին անգամ կը հանդիպինք։ Մտադիր են մօտակայ Ղազարաւանի մէջ տուն կառուցել։ Լսելով մեր մասին, ուզած են անպայման հանդիպիլ մեզի։ Մեր համագիւղացի  Ռուստամը իրենց շինարարն է եւ իր միջոցաւ եկած են մեր տուն։ Խանդավառ են Հայրենիքի մէջ տուն կառուցելու գաղափարով։

Այսօր Թորոնթոյի մէջ կը տօնուի մեր թոռներուն Նայիրայի եւ Արիի տարեդարձերը։ Երկուքն ալ Հոկտեմբերի ծնունդ են։ Ափսոս որ հեռու ենք իրենցմէ...

Երեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր, 2017

Արդէն բաւական կազդուրուած եմ։ Պէտք է վերադառնալ խոհանոց, Շաբաթ օր տեղի ունենալիք Պչաքճեանի ձեռնարկին նախապատրաստութիւնները տեսնելու։ Բարեբախտաբար արդէն փորձը ունիմ, որոշ ճաշատեսակներ կանուխէն պատրաստելով սառեցնելու, որպէսզի աշխատանքը չկեդրոնանայ վերջին օրուան վրայ...

Երեկոյեան մեզի են Վահագնն ու Մանուշակը։ Մարգարը եւ Վահագնը կը վերջնականացնեն հրաւիրեալներու ցանկն ու յայտագիրը։ Բաժակ մը թէյի շուրջ հետաքրքրական զրոյց կը ծաւալենք։

Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր, 2017

Մեր ամէնափոքր թոռնիկը` Արին, այսօր մէկ տարեկան դարձաւ։ Տարեդարձը քանի մը օր առաջ տօնեցին, քրոջը Նայիրային տարեդարձին հետ միասնաբար։ Կրկին կապ կը պահեմ իր հետ,  կրկին կը շնորհաւորենք ծնողները, կրկին հեռակայ, կը փոխանցենք մեր սէրն ու կարօտը։

Շաբաթ, 28 Հոկտեմբեր, 2017

Առաւօտուն, հարեւաններ հարս Սուսանն ու Լաուրան կու գան օգնելու, որ պատրաստենք նախուտեստներու սկուտեղները։ Ամէն անգամ, որ քանի մը սկուտեղ պատրաստ ըլլայ, Վալդերը զանոնք կը փոխադրէ Մշակոյթի տուն։ Մարգարն ալ մեր կառատունէն կը հանէ Պչաքճեանի Երկերու Լիակատար ժողովածուի ութը հատորներէն օրինակներ եւ անոնք ալ կը փոխադրուին Մշակոյթի տուն։

Ժամը մէկին կազմ ու պատրաստ կ’երթանք Մշակոյթի տուն։ Ամէն ինչ պատրաստ է արդէն։ Վալդերը ջանք չէ խնայած զայն դարձնելու ներկայանալի...

Ժամանակէն առաջ կը հասնի Երեւանէն, Գրողներու տան առջեւէն եկող ուղեւորատարը։ Կը սկսին ժամանել այլ հիւրեր եւս, իրենց անձնական միջոցներով։ Մեր գիւղէն ալ  որոշ ներկայութիւն կայ... Ձեռնարկին պատկառելի ներկայութիւն ապահովուած է...

Այս միջոցառումը կ’անցնի շատ սահուն։ Բեմին վրայ է Մովսէսի մեծադիր նկարը։ Վահագնը ստանձնած է հանդիսավարութիւնը։ Խօսք կ’առնեն զանազան գրողներ եւ մտաւորականներ։ Կ’ըլլան ընթերցումներ Մովսէսի արձակէն եւ բանաստեղծութիւններէն։ Մեր համագիւղացի փոքրիկն Արսէն Յովակիմեանը շուինով կը նուագէ հայկական մեղեդիներ... Անոնք որոնք առաջին անգամ կ’այցելեն մեր գիւղը, տպաւորուած են աշնանային բնանկարով, մեր Մշակոյթի Տունով, մեր գիւղին մէջ կազմակերպուած գրական միջոցառման որակով...

Այսօր եղանակը անձրեւոտ է եւ ջերմաստիճանը կտրուկ նուազեցաւ։ Սրահը դեռ ջեռուցուած չէր... Այս միջոցառման միակ թերութիւնը եղաւ սրահի ջերմաստիճանը։ Ձեռնարկէն վերջ գաւիթին մէջ բացուած ինքնասպասարկման սեղանը եւ կոնիակը մասամբ մեղմեցին սրահին ցուրտը...

Գոհ ենք մեր Մշակոյթի տան մէջ իրագործուած այս առաջին գրական հաւաքէն։ Արդէն կը ծրագրենք յաջորդները...

Փոքր խումբով մը, Վահագնին, կնոջը` Մանուշակին, Թորոս Թորանեամնին,  Արծուի Բախչինեանին եւ այլոց հետ կ’երթանք «Հին Աշտարակ»  ճաշարանը, շարունակելու տօնախմբութիւնը։ Տօնախմբութիւն կ’ըսեմ, որովհետեւ չենք կեդրոնանար Մովսէսի մահուան առաջին տարելիցին վրայ, այլ անոր ետին թողած վաստակին վրայ... Անշուշտ կ’ափսոսանք, որ ան այլեւս ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ։

Այս երեկոն կ’անցնի չափազանց խանդավառ։ Բոլորս ալ ուրախ ենք, որ մեր յարգանքի տուրքը մատուցած ենք Մովսէսին։ Կը սկսին բաժակաճառերը ապա յեղափոխական երգերը։ Մեր սեղանակիցները լիաթոք կը մասնակցին։  Բարեբախտաբար այսօր ճաշարանին մէջ այլ հիւրեր չկան, որովհետեւ բաւական աղմկոտ ենք...

Ուշիի պատմութեան մէջ եզակի եւ մեզի համար անմոռանալի օր մը իսկապէս։

Արծուին մեզի կը նուիրէ իր վերջին վէպը, որուն մասին գրախօսական մը կարդացած էի Գրական Թերթին մէջ։ «Այլաստանցի Մուչիկ Հայաստանցին», կը յաւերժացնէ արտագաղթողի հայ տիպարն ու անոր մտածողութիւնը առանց դատելու, մեղադրելու կամ գովաբանելու։ Երբ աւարտեմ գրքի ընթերցումը, աւելի շատ ըսելիք կ’ունենամ..

Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր, 2017

Աշունը տեղաւորուեցաւ Ուշիի այգիներուն մէջ։ Հիանալի է  ծիրանի  ծառերուն տեսքը։ Անոնց դեղինը գրեթէ թափանցիկ է եւ մաքուր։ Տերեւաթափէն ետք անոնց տերեւները կը մնան նոյնքան գեղեցիկ եւ դեղին գորգի պէս կը փռուին ծառերուն տակ։ Մեր ընկուզենիներէն մին, փոխանակ բոլոր ընկուզենիներուն նման տգեղ ժանգոտած տերեւներով տեսք ստանալու, ծիրանի ծառերու տերեւներուն նման դեղնեցաւ եւ արագ տերեւաթափուեցաւ, զարմացնելով մեր համագիւղացիները։ Թութի ծառը, որ երբ համակարգիչիս առջեւ նստիմ, անմիջական տեսադաշտիս մէջ է, փառահեղ տեսք ստացաւ եւ տակաւին կը պահէ իր տերեւները։ Աշնանը` հոս դեղին գոյնի երանգները կը տիրապետեն, մինչդեռ Գանատայի մէջ, կարմիրի երանգները աւելի ցայտուն են։ Միայն կերասի եւ տանձի ծառերուն տերեւներն են որ կը կարմրին։ Կարելի չէ չհիանալ  բնութեան պարգեւած այս երանգապնակին վրայ... Թէեւ Մարգարը ամէն կերպ կը ջանայ յաւերժացնել այս տեսարանները, լուսանկարչական մեքենան ձեռքին տարբեր անկիւններէ նկարելով զանոնք, ոչ մէկ լուսանկար կամ նոյնիսկ գեղանկար կրնայ վերարտադրել անոնց իսկական գեղեցկութիւնը։

Սկսան անդրադարձները մեր երէկուան ձեռնարկին։ Երկիր Մեդիան բոլոր օրը իր լրատուական ծրագիրներէն հեռարձակեց անոր մասին տեսանիւթ մը։ Yerakouyn.am եւ arevelk.am կայքերը եւս անդրադարձան անոր... Լոս Անճելըսի Ասպարէզը եւ Հալէպի Գանձասարը, անդրադարձան ութերորդ հատորի լոյս ընծայման։ Երեւանի Ազգը, Գրական Թերթը եւ Եռագոյնը ազդեր դրին ձեռնարկին մասին։ Վատ չէ...

 Երկուշաբթի, 30 Հոկտեմբեր, 2017

Ամիսը արդէն իր լրումին կը հասնի։ Եղանակը սկսաւ ցրտել։ Երբ կէսօրէն ետք Վալդերենց տունը հանդիպեցանք, նկատեցինք, որ արդէն տեղադրած են փայտ վառելու վառարանը եւ արդէն օգտագործելու սկսած։ Մեր համագիւղացիներուն մեծամասնութիւնը, տակաւին տուները ջեռուցելու չեն սկսած։

Երեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր, 2017

Այսօր` Ուշիի օրագիրը վերադարձաւ համացանց։ Բաւական ժամանակէ ի վեր ան կը հրատարակուի «Մարմարա» օրաթերթի տպագիր էջերուն վրայ միայն։ Arevelk.am  լրատուական կայքէջի խմբագիր` Սագօ Արեան փափաք յայտնեց զայն տեղաւորելու իր կայքէջին վրայ... Սեպտեմբերը այսօր լոյս տեսաւ։ Հիմա օրագիրը կարդալ ուզողները կրնամ յղել այս կայքէջին։

Այս ամիս լրացաւ մեր Ուշի հաստատուելու տասնամեակը։ Այս կլոր թիւը պատճառ կը դառնայ, որ յետադարձ ակնարկով նայինք այս տասը տարիներուն եւ անդրադառնանք մեր անձնական կեանքի եւ մանաւանդ գիւղի ապրելակերպի փոփոխութիւններուն։

Մենք` Մարգարը եւ ես, ամէն առաւօտ արթնցանք առաջին հերթին ստուգելու թէ Արարատը տեսանելի է թէ ոչ։ Ամէն օր, աջ ու ձախ պատուհաններէն հետեւեցանք բնութեան հրաշք փոփոխութիւններուն։ Բոլոր եղանակներուն, չդադրեցանք հիանալէ մեզ շրջապատող հայրենի բնութեան վրայ... Հայրենի հողին վրայ ապրեով եւ մեր կարելիութեան սահմաննրուն մէջ անոր վերելքին նպաստելով մեր մայրամուտը իմաստաւորուեցաւ։  Այս տասը տարիներու ընթացթին եթեմի մէջ ապրելու զգացումները յարատեւ եղան... Բախտաւորուեցանք չորս թոռներով, որոնք ովկիանոսներէն անդին կ’ապրին, սակայն ժամանակակից հաղորդակցութեան միջոցները արտօնեցին, որ յարատեւ կապի մէջ մնանք իրենց հետ։ Լուսահոգի հարեւան գրող Արշակը միշտ կենաց առաջարկած ատեն կ’ըսէր,֊ «Աստուած իմ, շատ մի համարեր...»։ Մենք ալ ամէն օր Աստուծոյ կը դիմենք նոյն յանկերգով։

Երբ գիւղ եկանք, մեր հարեւաններու տասը երախաները դարձան մեր ուշադրութեան առարկան։ Վեց աղջիկները եւ չորս տղաները մեր գիւղական կեանքի անբաժան մասնիկը դարձան։ Աղջիկներէն չորսը ամուսնացած են արդէն, մէկը նշանուած։ Երեքը երախաներու տէր են։ Տղոց ամէնամեծը արդէն ամուսնացաւ, ամէնափոքրը քանի մը ամիսէն պիտի զինակոչուի։ Աւաղ անոնցմէ մէկը զինուորական իր ծառայութիւնը հայրենիքին մատուցելէ ետք եւ անցեալ տարուան քառօրեայ պատերազմին ալ առաջին գծի վրայ մասնակցելէ ետք, որոշեց գաղթել Ֆրանսա, որոշ յուսաբեկութիւն պատճառելով մեզի։ Մէկ տղայ ստացաւ համալսարանական վկայական, մէկը այժմ համալսարանի ուսանող է, երեք աղջիկ յաւելեալ դասընթացքներու հետեւեցան, սակայն առանց աշխատաշուկայ մտնելու ամուսնացան...

Գիւղին մէջ փոփոխութիւնները եղան բազմաթիւ եւ տեսանելի։ Ընտանեկան մակարդակի վրայ մեր հարեւաններէն միայն մէկը տակաւին այգիին մէկ անկիւնը արտաքնոց ունի։ Միւսները բոլորն ալ  իրենց տուներուն մէջ ժամանակակից զուգարաններ կառուցեցին։ Մէկ բացառութեամբ, բոլորն ալ հոսող պաղ եւ տաք ջուր ունին հիմա։ Անոնցմէ երկուքը, իրենց տան երկրորդ յարկը բարձրանալու համար տունէն դուրս ելլելու պէտք չունին այլեւս, ներքին աստիճաններ յաւելելու որպէս արդիւնք։ Լուացքի մեքենաները դարձան սովորական։ Տուները նորոգելու, տախտակամածները սալիկապատելու, խոհանոցները կահաւորելու յստակ միտում յառաջացաւ։ Նորածիններու անուններու աւելի մեծ տոկոսը դարձաւ հայկական, սակայն զանոնք պապիկներու եւ տատիկներու անունով կոչելը երբեմն կը խոչընդոտէ այս գործընթացը։ Կթան կով պահողներուն թիւը նուազեցաւ։ Տակաւին կը պահեն ցուլիկները, որոնք որպէս մսացու հազիւ երկու տարեկան դարձած կը մորթուին, որոշ եկամուտ ապահովելով զանոնք պահողներուն։

Կարծես թէ «խոպան» գացողներու թիւը պակսեցաւ։ Գիւղի ծայրամասը վարձով հողերը այլեւս մշակող չկայ։ Ծառերուն բերքը տակաւին կը վաճառեն, բայց վաճառքի համար լուբիայ, լոլոիկ, վարունգ եւ սոխ աճեցնողներու թիւը մեր հարեւաններուն մօտ զգալիօրէն պակսեցաւ։ Կիները, որոնք բոլոր օրը հողը մշակելով եւ քաղհանելով կ’անցընէին եւ հիմա ձերբազատուած են այդ գործերէն, աւելի յաճախ սկսան խօսիլ գերյոգնած ըլլալու մասին։ Ձմրան համար պահածոյացնելու աշխատանքները նուազեցան, քանի որ այդ բոլորը կարելի է ձեռք ձգել շուկաներէն...Երեւի իրենց ապրելակերպի բարելաւման հետ կապ ունին այս բոլորը...

Գերանդիի գործածութիւնը ցաւօք նուազեցաւ։ Անոր օգտագործումը դիտարժան հաճոյք էր մեզի համար։ Տղամարդոց համաչափ շարժումները, խոտը հնձելու արարողութիւնը կը դարձնէին արուեստի ներկայացում։ Աւաղ, մեր գիւղի անդորրը, աքաղաղներու կանչին, կովերու բառաչին եւ շուներու հաջոցին կողքին սկսաւ խոտ կտրող մեքենաներու ձայնով ընդհատուիլ։ Ծառերը սրսկելու գործիքներն ալ մեքենայացուեցան։  Երբեմն յառաջդիմութիւնը թէեւ աշխատանքը կը խնայէ բայց մեր նման քաղաքացի մարդոց որոշ հաճոյքէ կը զրկէ։ Ամենեւին խոփի եւ արօրի վերադարձ չէ որ կը քարոզեմ, սակայն կ’ափսոսամ որ գիւղի քնարական միջավայրը տակաւ կ’ անհտանայ...

Փայտը եւ աթարը կը մնան ջեռուցման գլխաւոր միջոցը։ Կարճ ժամանակ մը, մարդիկ սկսան իրենց տուները ջեռուցել բնական գազով, սակայն ետ վերադարձան փայտին եւ աթարին, որովհետեւ գազով ջեռուցելը անհամեմատ թանկ է... Այս տարի անտառահատումներու օրէնքներու խստացման որպէս արդիւնք փայտն ալ սղեց, ստիպելով, որ մարդիկ դաշտերուն մէջ բուսած թուփերն ու վայրի ծառերը կտրեն ձմեռը որպէս վարելիք օգտագործելու համար։

Գիւղի մակարդակի վրայ, գլխաւոր փողոցները լուսաւորուեցան։ Մեր դպրոցը նորոգուեցաւ եւ օժտուեցաւ արդիական գրադարանասենեակով, սրահով, խաղահրապարակով ու նաեւ զինավարժութեան հրապարակով։ Տարածքը ցանկապատուեցաւ, դպրոց տանող ճամբան լայնցաւ, ոտնագնդակի դաշտը բարեկարգուեցաւ։ Մարզասրահը նորոգուեցաւ։ Դպրոցը օժտուեցաւ կեդրոնական ջեռուցման սարքերով։ Աշակերտութեան թիւը շարունակ նուազեցաւ, ծնունդներու պակասի եւ արտագաղթողներու պատճառաւ, սակայն այս տարի առաջին անգամ ըլլալով աճ արձանագրեց։ Գիւղապետարանը նորոգուեցաւ։ Մշակոյթի Տունը փլատակներէն վերազարթնուեցաւ... Ոչ միայն նորոգուեցաւ, այլ կահաւորուեցաւ... Սուրբ Սարգիս վանական համալիր տանող ճամբան լայնցաւ եւ մասամբ կուպրապատուեցաւ։ Գիւղի հրապարակը բարեկարգուեցաւ եւ Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակին նոր խաչքարով մը օժտուեցաւ։ Գիւղի փողոցները եւ տուները համարակալուեցան։ Խմելու ջուրի խողովակները փոխարինուեցան նորերով։ Այս փոփոխութիւններէն ոմանց հետ սերտօրէն առնչուեցանք, ուրիշներ եղան այլ բարերարներու եւ գիւղապետարանի  ու մարզպետարանի ջանքերով։

 Գիւղը տակաւին գործող մանկապարտէզ չունի։ Կայ մանկապարտէզի շէնքի փլատակ մը, որը նորոգելու եւ գործածելի դարձնելու ծրագիրներ կը մշակենք անդադար, սակայն ան մեծ գումարներու կը կարօտի... Փողոցները կուպրապատ չեն, թէեւ այս ամառ, որոշ նորոգութիւններ տեղի ունեցան։ Մեր համագիւղացիները տակաւին հողը կը մշակեն պապենական ձեւով։ Քանի մը սփիւռքահայեր դարձան մեր գիւղի նոր բնակիչներ։ Ոմանք յատուկ ծրագիրներ ունին ջերմոցներ կառուցելու եւ նոր բանջարատեսակներ աճեցնելու։

Լաւատես ենք։ Կը զգանք, որ կայ յառաջխաղացում, թէեւ երբեմն դանդաղ, բայց միշտ դէպի առաջ, միշտ դէպի լաւը...

Էլիզ Շարապխանեան

Ուշի