Բրիտանական առաջատար «Կարտիըն» պարբերականը անդրադարձած է գինիի պատմութեան մասին ամերիկացի ակադեմիկոսներ Իէն Թաթէրսօլի ու Ռոպ Ռէսէլի նոր գիրքին, ուր հեղինակը կը բացայայտէ Հայաստանն ու Վրաստանը՝ իբրեւ գինիի բնօրրան:
Հեղինակները հարցադրում կ'ընեն, թէ ինչ տեսակ գինիներ կը պատրաստէին անոնք 5000 տարի առաջ Փոքր Կովկասի քարանձաւներէն մէկուն մէջ, որ յայտնի է իբրեւ Արենի: Ահա այստեղ է, որ 2011-ին ժամանակակից Հայաստանի մէջ հնագէտները յայտնաբերեցին աշխարհի ամենառաջին գինին, մօտաւորապէս Ք.Ա. 300-3500 թուականներուն: Թերեւս հեղինակներուն հարցադրումները պատասխան չէին ունենար, եթէ 2014-ին չհամտեսէի Իտալահայ Զօրիկ Ղարիպեանին «Կարասի Արենի»ն, որ պատրաստուած է հայկական տարբեր տեսակի խաղողներէն եւ կը կրէ Արենի գիւղին անունը», կը գրէ «Կարտիըն»ի յօդուածագիրը:
Ան կ'աւելցնէ, որ գինիի համտեսումը կ'ապացուցանէ այդ ողորկ ու կենսունակ կարմիր գինիին մէջ տարիներու հնութիւնը:
Շարունակելով, յօդուածագիրը կը պատմէ, որ իտալահայ Զօրիկ Ղարիպեան հայկական սփիւռքի այն գործարարներէն մէկն է, որ էական դեր խաղցած է գինիի արդիւնաբերութեան վերածնունդի գործին մէջ:
Յօդուածագիրը կը շեշտէ, որ աւանդական գինեգործութեան արուեստագիտութեան հետ միասին հայ գործարարը իր գինին հինցնելու համար կը գործածէ նաեւ կարաս (կճուճներ):