image

Գերմանացիները բողոքած են Թուրքիոյ մէջ թանկերու գործարան հիմնելու նախագիծին դէմ

Գերմանացիները բողոքած են Թուրքիոյ մէջ թանկերու գործարան հիմնելու նախագիծին դէմ

Գերմանիոյ կառավարութիւնն ու հասարակութիւնը դէմ են Թուրքիոյ մէջ գերմանական թանկերու արտադրութեան: Այս մասին յայտնաղ է թրքական «Türkiye» թերթի կայքը:

Մէկ կոմէ՝ գերմանական «Rheinmetall» խոշորագոյն ռազմարդիւանբերական ընկերութիւնը երեք տարուայ ընթացքին այս թեմայի վերաբերեալ շուրջ 20 հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ Տնտեսութեան նախարարութեան հետ: Սակայն ընկերութիւնը այդպէս ալ չէ յաջողած Թուրքիոյ մէջ թանկերու արտադրութեան թոյլտուութիւն ստանալ: «Rheinmetall»-ի յայցը պարբերաբար մերժած է նաեւ Պունտեսթակի համապատասխան յանձնաժողովը:

Միւս կողմէ՝ գերմանացիներու հոծ խումբ մը ցոյցի դուրս եկած է՝ բողոքելով Թուրքիոյ մէջ գերմանական թանկերու գործարան հիմնելու դէմ: Պերլինի մէջ կազմակերպուած ցոյցի ժամանակ մարդիկ պատրաստած են թանկի մաքեթ, ապա ձեւացնելով, թէ թրքական թանկը կը գրոհէ իրենց վրայ, ձեռքերը վեր բարձրացնելով գետին ինկած են:

Ցոյցի ժամանակ նաեւ վանկարկած են «Ոչ մէկ թանկ Էրտողանին» կարգախօսը, օգտագործուած են նաեւ նոյն կարգախօսը կրող պաստառներ:

Աւելի վաղ Գերմանիոյ Տնտեսութեան նախարարութեան խօսնակը նշած էր, որ Թուրքիոյ մէջ գործարան հիմնելու համար գերմանական ընկերութիւնը որեւէ թոյլտուութեան կարիք չունի: Սակայն թեխնոլոկիաներու տեղափոխման համար անհրաժեշտ է կառավարութեան յատուկ թոյլտուութիւնը: 

Յայտնի է նաեւ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը մտավախութիւն ունի, թէ գերմանական թեխնոլոկիաներով յագեցած ռազմամթերքը կրնայ օգտագործուիլ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջանին մէջ՝ «Քիւրտիստանի բանուորական» կուսակցութեան (PKK) դէմ մարտական գործողութիւններու ժամանակ: Ինչի պատճառով ալ նախագիծը կը մերժուի: