image

Գալֆաեան Տան Առաքելութիւնը.Ալպէր Քէշիշ

Գալֆաեան Տան Առաքելութիւնը.Ալպէր Քէշիշ

Պոլսահայութեան անբաժանելի մէկ մասը կը կազմեն վարժարանները եւ եկեղեցիները: Տարակոյս չկայ, որ այս երեւոյթը պոլսահայոց յատուկ իրականութիւն մը չէ: Հայերը պատմութեան ընթացքին մասնաւոր կարեւորութիւն մը տուած են կրթութեան: Ամենափոքր հայկական գիւղին մէջ իսկ կրթօճախները եւ աղօթատեղիները կողք կողքի կառուցուած էին: Աւելորդ է նշել, թէ հին դարերէն ի վեր վանքերուն եզակի առաքելութիւնը կղերականներ պատրաստել չէր, այլ ստանձնած էին արդի բարձր ուսումնական հաստատութիւններու նման դեր մը, որու շնորհիւ ունեցած ենք յայտնի գիտնականներ, փիլիսոփաներ եւ տարբեր մարզերու մասնագէտներ: Գատըգիւղի, Սկիւտարի, Պագըրգիւղի, Գումգաբուի եւ Սամաթիոյ նման Պոլսոյ հին հայկական թաղերու խորհրդանիշներն են եկեղեցիները եւ դպրոցները:

Կան նաեւ հեռաւոր թաղեր, որոնք կը պարունակեն եկեղեցիներ ու դպրոցներ՝ փաստելով հայ համայնքին պատմական ներկայութիւնը, որ այժմ նօսրացած է: Հալըճըօղլուն՝ Գալֆաեանի բնիկ վայրն ալ այս թաղերէն մէկն էր: 1866-ին հիմնուած պատմական Գալֆաեան վարժարանը 1971 թուականին զրկուեցաւ իր հարազատ թաղէն ու կառոյցէն ու զոհ գնաց Վոսփորի կամուրջին շինութեան: Գալֆաեանի վարչութիւնը մեծ հեռատեսութեամբ որոշեց դպրոցը տեղափոխել դէպի հայաշատ թաղ մը՝ Սկիւտար:

Քոյր Սրբուհի Գալֆաեանի կողմէ Հալըճըօղլուի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին մօտ հիմնուած վարժարանը մինչեւ 1928 թուականը ծառայած է որպէս աղջիկներու յատուկ որբանոց: 1928-էն սկսեալ Գալֆաեանը շարունակեց իր ծառայութիւնը գիշերօթիկ վարժարանի գործունէութիւնով: Այժմ վերածուած է երկսեռ վարժարանի մը:

Գալֆաեանը իր գիշերօթիկ բաժնով մասնաւոր առաքելութիւն մը ունի Պոլսոյ հայ ազգային վարժարաններուն միջեւ: Բացի պոլսահայ ուսանողներէ, Գալֆաեան վարժարանը կը ծառայէ Թուրքիոյ հեռաւոր ափերը ապրող հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն, որոնք զրկուած են հայեցի դաստիարակութենէն: Կ'ուսանին նաեւ նիւթական պայմաններէ զուրկ աշակերտներ՝ ձրիաբար օգտուելով վարժարանի կողմէ տրամադրուած սիրայօժար ծառայութենէն: Միեւնոյն ժամանակ՝ դպրոցը ապաստան կը հանդիսանայ Սուրիայէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէն ժամանող հայ աշակերտներուն համար: Ներկայ ազգանուէր ծառայութիւնով եւ պատմական առաքելութիւնով, Գալֆաեան վարժարանը արժանի կը դառնայ «Գալֆաեան Տուն» կոչուելու:

Ի հետեւանք վարչութեան եւ ուսուցչական կազմին նուիրական աշխատանքին, Գալֆաեան վարժարանը նորագոյն մէթոտներով եւ ազգային գիտակցութիւնով կը ջամբէ աւանդական եւ արդի հայ մշակոյթը՝ այլ լեզուներու ու նիւթերու կողքին: Աշակերտները կը պարգեւատրուին գիտութեան եւ արուեստի մէջ իրենց ձեռք բերած զանազան յաջողութիւններով՝ ամբողջ Պոլսոյ տարածքին վրայ:

Խոր արմատներ ունեցող եւ պոլսահայոց խորհրդանշաններէն մին հանդիսացող Գալֆաեանը, տարիներ շարունակ տարած դատական եւ ելեւմտական պայքարի շնորհիւ կարողացաւ ցարդ իր դռները բաց պահել: Հարկ է նշել բարերարներու եւ կամաւոր աշխատողներու մեծ նպաստը՝ ներկայ դժուարութիւնները յաղթահարելու ուղղութեամբ: Պոլսահայ բնակչութեան նօսրացման առընթեր՝ աշակերտներու քանակին նուազումը, ինչպէս նաեւ՝ օր ըստ օրէ կրթօճախին ծախսերուն բարձրացումը հիմնական մարտահրաւէրներն են Գալֆաեան Տան առջեւ: Յուսով ենք, որ Գալֆաեան վարժարանը երկար տարիներ եւս պիտի շարունակէ իր ազգանուէր առաքելութիւնը ու գործունէութիւնը՝ հայ ազգի հոգատարութեան եւ աջակցութեան շնորհիւ:

 

                                                            Ալպէր Քէշիշ/Պոլիս

 

                                                                   

                                                           Յատուկ ՝ «Արեւելք»ին