image

Գաղտնազերծուած է Պոլսոյ մէջ գործող եւ «ԻՊ»ին պատկանող վարժարան մը

Գաղտնազերծուած է Պոլսոյ մէջ գործող եւ «ԻՊ»ին պատկանող վարժարան մը

Թուրքիոյ հանրապետական դատախազութեան կողմէ աւելի վաղ ձերբակալուած 35 կասկածեալի վերաբերեալ կազմուած մեղադրական եզրակացութեան մէջ նիւթեր հրապարակուած են նաեւ Պոլսոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան պատկանած «ուսումնական կեդրոնի» մասին:

Ըստ թրքական «Demokrathaber.org» լրատուական կայքին, Պոլսոյ Սուլթանպէյլի թաղամասին մէջ  գործունէութիւն ծաւալած դպրոցէն ներս իսլամականները թուրք երեխաներուն կառոյցի գաղափարախօսութիւնը կ'ուսուցանեն:  

Յայտնաբերուած ուսուցման նիւթերու մէկ մասէն պարզ դարձած է, որ երեխաներուն քարոզած են չնշել Թուրքիոյ կարեւոր պետական տօները (Տարտանէլի ճակատամարտի տարելից, Աթաթուրքի յիշատակի օր, հանրապետութեան տօնը եւ այլն), զանոնք նշողները անհաւատ անուանելով: Երեխաներուն քարոզած են մերժել Աթաթուրքի սկզբունքները, չծառայել բանակին ու չենթարկուիլ դատարաններու որոշումներուն:

Յայտնաբերուած են նաեւ զէնք շալկած երեխաներու լուսանկարներ: