Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն Իսրայէլի վարչապետին հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին ըսած է, որ ինք նոյնպէս մտահոգ է «Հըզպալլա» ռազմական կարողութիւններով ու մանաւանդ զինումով:
Մաքրոն լրագրողներուն հետ խօսելով ըսած է, որ երկու կառավարութիւնները դէմ են, որ «Հըզպալլա» կատարելագործէ իր զինուորական կարողութիւնները եւ շարունակէ զինուիլ: Մաքրոն նաեւ ըսած է, որ իրենց «ջերմ» փափաքն է, որ Լիբանանի մէջ առկայ խաղաղութիւնը աւելիով ամրանայ: Ֆրանսացի նախագահ դիտել տուած է, որ Ֆրնասայի կառավարութիւնը ջատագովն է Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ամրպնդամն ու նաեւ արաբ- իսրայէլեան հիմնախնդրի լուծման:
Իր կարգին Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահու նշած է, որ Ֆրանսա եւ Իսրայէլ կը ցանկան տեսնել հանգիստ եւ խաղաղ Միջին Արեւելք մը: