Բրիտանական «Independent» թերթի լրագրող Ռոպերթ Ֆիսք յօդուածով մը անդրադարձած է Թրամբի փեսայի՝ Ժարիտ Քուշնըրի կողմէ առաջարկուած «Հարիւրամեակի գործարք»ին:
Յօդուածագիրը իր զարմանքը յայտնելով հարց բարձրացուցած է, թէ 3 արաբա-իսրայէլեան պատերազմներէ, հազարաւոր պաղեստինցիներու նահատակութենէ եւ միլիոնաւոր արաբներու տեղահանութենէ ետք, արդեօք Քուշնէր կը կարծէ, թէ պաղեստինցիք պիտի ընդունի՞ն «Հարիւրամեակի գործարք»ի կնքումը, նիւթական փոխհատուցման դիմաց:
Ֆիսք պաղեստինցիներու հասցէին վիրաւորանք համարած է մինչեւ օրս անոնց դէմ կատարուած քայլերը, ինչպիսիք են Օսլոյի համաձայնագիրը, Կազզայի բնակչութեան ջարդերը, Թրամբի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարուիլը, «եւ այս բոլորէն ետք, պաղեստինցիներէն պիտի ակնկալուի կանխիկ վճարո՞ւմ ընդունիլ»,- գրած է Ֆիսք:
Յօդուածագիրը Թրամբի փեսայ Քուշնէրը կոչած է «անշարժ գոյքի գործակալ», կամ ամերիկացի ներդրող, բայց ոչ Միջին Արեւելքի հարցերով նախագահի խորհրդական:
Լրագրողը «Հարիւրամեակի գործարք»ը ամբողջովին վիրաւորանք համարած է պաղեստինցիներուն համար, շեշտելով, որ ո'չ Արեւելեան Երուսաղէմ գոյութիւն պիտի ունենայ, ո'չ հողերու գրաւման հարցը պիտի լուծուի, եւ ոչ ալ վերադարձի իրաւունք պիտի տրուի պաղեստինցիներուն, այլ միայն գումարներ պիտի ծախսուին ու անոնց միջոցով ԱՄՆ պիտի հասնի իր նպատակներուն: