Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատ քննադատած է արաբական կարգ մը երկիրներու միջամտութիւնն այլ երկիրներու ներքին խնդիրներուն, շեշտելով, որ այդ միջամտութիւնն է, որ առաջնորդեց որոշ երկիրներու կործանման, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Եթէ այս է հայրենասիրութիւնն ու արաբ ըլլալու գրաւականը, մենք կը հրաժարինք անկէ: Եթէ ասոնք են արաբները, մենք չենք ուզեր արաբ կոչուիլ, մենք որեւէ այլ անուն կ'որդեգրենք»,- բարձրաձայնած է Ասատ, արաբական քաղաքական կուսակցութիւններու եւ շարժումներու ներկայացուցիչ անդամներու ներկայութեամբ:
Ըստ Ասատի, մինչեւ պատերազմի բռնկումն այս խնդիրը գլուխ չէր բարձրացուցած, սակայն պատերազմի մեկնարկէն ետք զգալիօրէն մեծ խնդիր դարձաւ, մանաւանդ երբ խումբ մը երկիրներ, Արաբական Լիկայի գլխաւորութեամբ, հող պատրաստեցին օտար երկիրներու միջամտութեան համար Լիպիայի ներքին խնդիրներուն, պատճառ դառնալով անոր կործանման:
«Աւելի ուշ նոյն երկիրներն ու նոյն լիկան նոյն արարքին դիմեցին Սուրիոյ պարագային ալ, սակայն քաղաքական պայմանները փոխուած էին, եւ անոնք չյաջողեցան»,- յայտնած է Ասատ:
Անդրադառնալով Պաղեստինեան հարցին, Ասատ համոզմունք յայտնած է, որ պաղեստինցիներուն ապաստան տրամադրած որոշ արաբական երկիրներ նոյն այդ պաղեստինցիներուն կողմէ դաւաճանութեան ենթարկուեցան, որուն հետեւանքն եղաւ այն, որ նշուած երկիրները երես թեքեցին Պաղեստինեան հարցէն ու անտարբերութիւն սկսան ցուցաբերել:
«Մեր դէմ իրագործուած դաւադրութիւնները պէտք չէ ստիպեն մեզ մեր դրօշը յանձնել դաւադիրներուն ու փախուստի դիմել: Անոնք ոչ մէկ կապ ունին արաբականութեան, կրօնական դաւանանքներու կամ տարածաշրջանի հասարակութիւններուն հետ»,- կարծիք յայտնած է Ասատ, շեշտելով, որ բոլոր խնդիրներու հիմքը ազգային գիտակցութեան բացակայութիւնն է: