image
Հրատապ լուրեր:

Երզնկայի Հայկական Ս. Աստուածածին Պատմական Եկեղեցին՝ Գանձ Պեղողներու Նոր Թիրախ

Երզնկայի Հայկական Ս. Աստուածածին Պատմական Եկեղեցին՝ Գանձ Պեղողներու Նոր Թիրախ

 1800-ական թուականներուն Երզնկայի մէջ կառուցուած Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին գանձ պեղողներու կողմէ կատարուած աշխատանքներու հետեւանքով աւերուած է:

 Մեծ վնասներու ենթարկուած եկեղեցւոյ պահպանման համար ոչ մէկ քայլ չէ ձեռնարկուած, այլ տեղի ոստիկանութիւնը բաւարարուած է եկեղեցւոյ դռան միայն կղպանք մը տեղադրելով:  Նոյն եկեղեցիէն 5 տարիներ առաջ գողցուած են սրբապատկերներ: Թոլկա Կիւրիւնը, որ կը զբաղուի եկեղեցւոյ պահպանութեան հարցով, յայտնած է, որ եթէ անվտանգութեան ուժերը չմիջամտեն, նոյն դէպքերը դարձեալ պիտի կրկնուին:

Քաղաքի կեդրոնէն 15 քմ. Հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգումը պիտի իրականացուէր Երզնկայի Նահանգապետարանի կողմէ, սակայն նահանգապետի փոփոխութենէն ետք եկեղեցին վերակառուցելու ոչ մէկ աշխատանք չէ տարուած:

Վերջին հետազօտութիւնները ցոյց տուած էին, որ եկեղեցւոյ երկրորդ յարկը սկսած էր փլուզուիլ, սկայն կարելի է զայն նախկին հին տեսքին բերել, եթէ վերանորոգութիւններ շուտով իրականացուին:

 

 

Նիւթի աղբիւ՝ Ակօս