Երուսաղէմի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Երուսաղէմի Հայոց Միաբանութեան անդամներէն Հոգշ. Տ. Համբարձում ծ.վրդ. Քէշիշեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երուսաղէմի իր աղբիւրէն։ Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Վարդապետը մահացած գտնուած է պատրիարքարանի իր սենեակին մէջ եւ աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ անոր մահուան պատճառը սրտի կաթուածն է։
Երկար տարիներ կրօնական ծառայութիւն մատուցած Համբարձում վարդապետը (ծնեալ Լիբանան, 1958-ին) կը համարուէր բոլորին կողմէ յարգուած ու սիրուած միաբան մը։
Ան կարեւոր աշխատանք տարած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Երուսաղէմի Միաբանութեան համար կոչումներ հաւաքելու գործին մէջ։