Օրերս արմատներով իրաքահայ եւ ներկայիս Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Համբարձում Աղպաշեանի մեծարումը տեղի ունեցած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Միացեալ Նահանգներու իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ օրերս կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Իրաքի ընդհանուր հիւպատոսութեան եւ ի ներկայութիւն հիւպատոս ՝ Սըլուան Սընժարիի , ինչպէս նաեւ Աղպաշեանի ընտանեկան պարատաներուն ու բարեկամներուն տեղի ունեցած է մեծարանքի հանդիսութիւն Աղպաշեանի «Իրաքի արդի պատմութիւն»ը (արաբերէն լեզուով) հատորի հրատարակութեան առթիւ։
Հանդիսութեան ընթացքին խօսքերով հանդէս եկած են հիւպատոս Սընժարի, գիրքի հեղինակ Աղպաշեան ու նաեւ շարք մը ներկաներ։
Խօսք առնողները մեծ գնահատանքով արտայայտուած են մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ Համբարձում Աղպաշեանին մասին նշելով, որ հակառակ երկար ժամանէ ի վեր իր ծննդավայր Պաղտատէն դուրս գտնուիլուն ան երբել ալ չէ մոռցած Իրաքը եւ տարբեր միջոցներով փորձած է ներկայացնել մշակոյթով ու անցեալով հարուստ ու մասնաւորապէս հայութեան հանդէպ միշտ ալ հիւրընկալ եղած երկիրն ու անոր հիւրընկալ ժողովուրդը։
Յիշեցնենք, որ Իրաքի մասին իր ներկայացուցած նիւթերէն անդին Աղպաշեան նաեւ վերլուծական նիւթերով հանդէս կու գայ գրելով յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն, առկայ հիմնահարցերուն եւ ընթացող քաղաքական գործընթացներուն մասին։
Այս առթիւ կը շնորհաւորենք Համբարձում Աղպաշեանը։