Թուրքիոյ իշխանութիւնները փակած են Պոլսոյ Թաքսիմ շրջանին մէջ գտնուող կանանց առողջութեան եւ արհեստական բեղմնաւորման կեդրոնը, որուն 61,5% բաժնեմասը կը պատկանի հայ բժիշկ Արէթ Քամարին, որ նոյնպէս կը համարուի այդ կեդրոնին հիմնադիրը: Արեթ Քամար ըսած է թէ ինք քրիստոնեայ հայ է եւ ոեւէ առնչութիւն չունի Ֆէթուլլահ Կիւլէնի եւ անոր շարժման հետ: Ան ըսած է, քանի որ կեդրոնը փակուած է նախարարներու խուրհուրդին որոշումով և իրենք բողոքարկելու եւ փաստաբանի միջոցով խնդիրը լուծելու հնարաւորութիւն չունին: Միայն անվտանգութեան ծառայութենէն առնուած մեկ տեղեկութիւնով կեդրոնին փակուիլը պատմող Արէթ Քամար ըսած է նաեւ, որ կեդրոնին մէջ եղած իրերը, բժշկական գործիքները, ամեն բան թալանուած է եւ նոյնիսկ քասային մէջ եղած գումարը՝ վերցուած: Արէթ Քամար նմանութիւն կը տեսնէ 1955 թուականի 6-7 «Սեւ սեպտեմբեր»ի եւ այս օրերուն կատարուող դէպքերուն միջեւ: «Առանց դատ եւ դատաստանի մէկ գիշերուայ մէջ անհիմն կերպով գոցեցին մեր կեդրոնը» ըսած է ան: «Կեդրոնը օրական 200 հիւանդ կ'ընդունէր եւ 40 հազար հիւանդներու բոլոր արխիւները կորսուած են»,- ամփոփած է Արէթ Քամար: Յիշեցնենք, որ Արտակարգ դրութեան յայտարարումէն ետք Թուրքիոյ տարածքին փակուած են 3 համալսարան, 149 դպրոց, 150 կազմակերպութիւն, 15 հիմնադրամ եւ 4 առողջական կեդրոն:
Լուրի աղբիւր ՝ «Ակօս»