image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան նոր «խոստումներ» կու տայ Եւրոպային

Էրտողան նոր «խոստումներ»  կու տայ Եւրոպային

Թուրքիոյ նախագահը  Պոլսոյ մէջ   կայացող   մարդասիրական  հարցերու    գագաթի   ընթացքին խօսք մը արտասանելով   կարեւոր խոստովանութիւններ ըրած է: Էրտողան, որ գովերգած է իր ղեկավարած երկիրը ըսելով, թէ իրենք կարեւոր եւ երեւելի օժանդակութիւններ կը տրամադրեն սուրիացի գաղթականներուն, ըսած է նաեւ, թէ Եւրոպա պիտի զղջայ  եթէ իր Անգարայի  տուած «խոստումները» չյարգէ:  Ան նաեւ ըսած է, որ Թուրքիան  տարեկան կտրուածքով  կարիքն  ունի 45   միլիառ ամերիկեան տոլարի, որպէսզի  կարողանայ «ճիշդ    դասաւորել»  գաղթականներու հարցը:  Էրտողանի   արտայայտած  զայրոյթին  պատճառը ըստ երեւոյթին եւրոպական  ընտանիքին   կողմէ   երեւելի դարձած չկամութիւնն է:  Այս  բոլորը անշուշտ  կը կատարուին   դրամական հետաքրքրութիւններու  ընդհանուր առանցքով:   Այսօր, աւելի քան  որեւէ ժամանակ սկսած է երեւելի դառնալ, որ Թուրքիա-Եւրոպա յարաբերութիւնները չեն կրնար  գաղափարական  հիմք ունենալ, հետեւաբար  այդ կապերը խախուտ են եւ ենթակայ են քանդման: Յարաբերութիւններու   ֆոնին վրայ  ըլլալիք ցանկացած ցնցում կրնայ առաջնորդել թշնամութեան եւ այսօր  Էրտողանի  բերնով հնչած մարտահրաւէրը այդ մասին կը խօսի:

Հիմա ուրեմն ի՞նչ: Ակնկալե՞լ, որ Անգարա  մէկ քայլ առաջ նետուելով  խօսքի սպառնալիքը  գործի կը  վերածէ ու   «պատժիչ» վարմունք ցոյց  կու տայ եւրոպական երկիրներուն դէմ...  Այս բոլորը  ենթադրութիւններ են,  որոնք սակայն կը հնչեն բոլոր  կողմերէն: Ու  կարեւոր է նաեւ հասկնալ, որ   Եւրոպայի տարբեր  մայրաքաղաքներու դռները թակող  գաղթականները  կրնան նոր  կացութիւն ստեղծել, միշտ  անսալով Անգարայի  խորքային թելադրանքին: Այս բոլորէն անդին կարեւոր է  հարց տալ, թէ արդեօ՞ք եւրոպական  ընտանիքը   պիտի փորձէ հակազդել Էրտողանին: Ու  բացի  անկէ արդեօ՞ք այդ պատասխան-հակազդեցութիւնը  պիտի ըլլայ պատահական  եւ ուշացած  արձագանք մը, թէ՞  զսպիչ   հանգամանք ունեցող  համապատասխան քայլ մը: Սպասենք: