6 Մարտին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի Իտլիպի հարցով հանդիպումը:
Թրքական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ Փութինի հետ բանակցութիւնները տեղի ունենալէն յետոյ Էրտողանը զրուցած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ: Իր մօտ կանչելով Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, Էրտողանը, մոռնալով, որ իր բարձրախօսը միացած է, Լաւրովին հարցուցած է թէ արդեօ՞ք հաղորդակցած են Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատին հետ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը իրեն պատասխանած է արդէն առանց բարձրախօսի: