Օրերը թաւալագլոր անցան: Շուտով կը հասնի Մարտ 21ը: Մարտ 21ը թուականագէտներու բնորոշումով, գարնան առաջին օրն է: Չքնաղ ու դալար գարնան սկիզբը, երբ ծաղկած կ’ըլլան ծիրանենիները, սալորենիները, դեղձենիները… եւայլն, ճերմակ, վարդագոյն, կարմրաւուն ծաղիկներ, կանաչ սարերուն դիմաց, նորամշակ պարտէզներու հողին վրայ:
Այդ օրը, մարդկային ընկերութեան ամենայիշատակելի օրերէն մէկն է նաեւ, երբ կը յիշենք մեր մայրերը, ողջ թէ ննջած:
Մայրերու տօն:
Քանի-քանի բանաստեղծներ, գրագէտներ երգած ու գովերգած են մայրերու տօնը:
Պարոյր Սեւակ՝ Մօր ձեռքերը
Եղիշէ Չարենց՝ Գազէլ մօրս համար
Յովհաննէս Շիրազ, եւ շա՜տ-շատեր:
Քանի-քանի մանուկներ լսած են իրենց մայրերու շուրթներէն հոսող, գլգլան զմրուխտեայ աղբիւրի նման… մանկան օրօրը:
Քիւրտը, Պարսիկը (գուցէ նաեւ ուրիշ ազգեր ալ) կ’երգեն Մարտ 21ը որպէս Նեւրուզի տօն:
Տակաւին չեմ մոռցած, 30-40 տարիներ առաջ երբ Քարէն-Եփփէ Ճեմարանի աշակերտներ էինք, եւ Մարտ 21ի օրը արձակուրդ ըլլալով, դպրոցական արշաւներ կը կազմակերպէինք դէպի Հալէպ նահանգի հիւսիսը՝ Աֆրին, Մէտան-Քէյ, Պասուդա կամ Սէն-Սիմոնի (Սիմոն Սիւնակիցի) ճգնաւորին նուիրական եկեղեցւոյ (այժմ քար ու քանդ) աւերակներուն շրջանը. տարածքը բնակուած ըլլալով մեծ մասամբ Քիւրտերով, անոնք այդ շրջանի դաշտերուն մէջ, ընտանիքներով, մեծով-փոքրով կը տօնէին Մարտ 21ի՝ Նեւրուզի տօնը:
٭٭٭
Սակայն, Սուրիոյ հնգամեայ տագնապի երրորդ տարեդարձին (Մարտ 14) յաջորդող՝ 7րդ օրը քեսապահայութեան համար օրհասական օր մը, թուական մը եղաւ, երբ քեսապցիք, թրքաբոյր բարբարոսներու (նոյնինքն՝ Թուրքիոյ կողմէ առաքուած) հրթիռներու եւ կրակոցներու ճնշումին տակ, հարկադրուած կը լքէին տուն ու տեղ, շէն ու գիւղ, գաղթի ճամբան բռնելով, հանգրուանելով Լաթաքիա (փոքր մաս մը աւելի հեռու՝ Լիբանան, Հայաստան…), տեղահան-
եալի, տարագիրի եռամսեայ պարտադրեալ կեանք մը ապրելու համար:
Մեծ էր ցաւը: Մեծ էին բարոյական թէ նիւթական կորուստները:
Պատմութիւն մը, աշխարհագրական հարազատ հող մը, փոքրիկ Հայաստան մը…
Հարկ չկայ վէրքը փորփրելու, գրգռելու… Թող չարայուշ սպի մը դառնայ ու անգամ մըն ալ չնորոգուի:
Քեսապի երրորդ տեղահանութիւնը՝ մէկ դարու ընթացքին:
Փոխանակ վէրքը լալու, հպանցիկ ակնարկ մը պիտի նետենք ներկայ իրավիճակին վրայ, որպէս երախտապարտութիւն արարիչին, որ կամեցաւ որ քեսապցին տունդարձ ունենայ, ամենակարճ ժամանակին, նուազագոյն վնասներով՝ 2014 Յունիս 14ին:
٭٭٭
Նախ հպարտութեամբ արձանագրենք, որ հակառակ հնգամեայ տագնապին, հակառակ Քեսապը իր Հայութենէն պարպելու նպատակով՝ Հայութեան դէմ լար-
ուած որոգայթներուն, եւ հակառակ այսօր շարունակուող պատերազմին, անապահովութեան, դռնամերձ (Թուրքիա) սպառնալիքներուն, յամեցող տնտեսական տագնապին, քեսապահայութեան 85 առ հարիւրը վերադարձած է տուն, ու կառչած՝ գիւղին:
Վերը նշեցինք, որ համեստ թիւ մը կը բնակի Լաթաքիա, Լիբանան եւ Հայաստան, սակայն ափսոսանքով կ’արձանագրենք, որ փոքր թիւ մը (երկու տասնեակի շուրջ) լքելով գիւղը, մեկնած է հիւսիս, յատկապէս Գանատա… ի՞նչ փնտռելու (Այ գիժ Հայեր ի՞նչ էք փնտռում հիւսիսում):
Խումբ մը երիտասարդներ ուսումնական, զինուորութեան թէ այլ պատճառներով մեկնած են: Ոմանք կարծես անվերադարձ:
Տնսեսական երկամեակը բաւական դժուար էր:
Վերադարձի ամիսներուն, մինչեւ 2015ի Ամանորը, ժողովուրդին տրուած բարոյական, կենցաղային եւ այլ նպաստները, ազդակ դարձան որ յուսահատութիւնը բոյն չդնէ սրտերուն մէջ:
Գնուեցան սակաւաթիւ երկրագործական գործիքներ, որոնք ներկայիս կը գործածուին համագործակցականներու նման, փոխն ի փոխ:
Այդ ամառ, առատ բերքը, հակառակ վարակներէ վնասուած ըլլալուն, նեցուկ հանդիսացաւ որ կամքով լի մնայ ժողովուրդը եւ իր գիւղը չլքէ, այլ՝ աշխատեցաւ զայն վերականգնելու:
Սակայն այդպէս չեղաւ 2015ի բերքը, որ եղաւ սակաւ, ենթարկուելով բնութեան քմայքին (կարկուտ):
Սակայն այսօր, գարնան շեմին, ծառերուն, պարտէզներուն պատկերը յուսատու է, որ կամօքն Աստուծոյ, բերքը բաւարար պիտի ըլլայ:
Դպրոցները, չորս նախակրթարան եւ երկու միջնակարգ-երկրորդական կը գործեն անխափան:
Հաւատքի եւ լոյսի օճախները, որոնք փառքն են այս գիւղին, կը շողան հոգիի եւ մտքի լոյսերով:
Շուկան, որ բազկերակն է գիւղին, վերադարձի առաջին ամիսներուն, կը հաշուէր մի քանի վաճառատուն: Այսօր, աւելի քան տասնեակ մը (անցեալի հարիւր-
եակին դիմաց), վաճառատուներ կը գործեն:
Նախկին արհեստանոցներուն հազիւ մէկ չորորդն է, որ կը գործէ:
Քանդուած բնակարաններուն մեծամասնութիւնը վերանորոգուած է. միաժամանակ, նշենք թէ քեսապցիք տակաւին շատ հեռու են իրենց կորսնցուցածը վերագտնելէ:
Քեսապի ժողովրդային սառնարանային ընկերութիւնը, ժողովուրդին եւ մեր հեռաբնակ եղբայրներուն նեցուկով, առաջին իսկ ամառը, բանեցաւ, իր կողոպտուած գործիքները փոխարինելէ ետք, թէկուզ իր ծաւալին մէկ հինգերորդ համեմատութեամբ:
Երկրիս վատթար տնտեսութեան պատճառով, Քեսապի գիւղատնտեսական կարգ մը արտադրանքներուն գիները մեծ անկում կրած են, մինչ, հակավարակային դեղերը եւ պարարտանիւթերը տարապայման սղած են: Սուղ գիներ կ’արձանագրեն նաեւ կարգ մը այլ մթերքներ, ընդեղէն, հացահատիկներ, յատկապէս նահանգէ նահանգ փոխադրութեան գրեթէ անհնարութեան պատճառով:
Անշուշտ սուրիական տարադրամին՝ թղթոսկիի՝ գնողական արժէքի անկումը իր անդրադարձը կ՚ունենայ Սուրիոյ ամբողջ բնակչութեան գնելու կարողութեան վրայ:
Անցեալին, Քեսապ, գիւղատնտեսութեան կողքին յենած էր զբօսաշրջութեան ոլորտին: Վարձու տրուած տուներուն ապահոված եկամուտը յաւելեալ նեցուկ մըն էր գիւղացիին:
Այժմ այդ կառոյցները պարապ կը մնան ամառ ու ձմեռ:
Նոյնպէս ամայի են պանդոկները, իսկ ճաշարանները փակ: Կը գործեն մէկ պանդոկ, եւ երկու ճաշարան:
Վառելանիւթի եւ ներածուած ապրանքներու աստղաբաշխական գիները, կը մաշեցնեն բնակչութեան քսակները:
Միայն մէկ օրինակ տալու համար, խոտ հնձելու՝ կերպընկալէ թելի կծիկը 600էն բարձրացած է 3.000 ս.ո.-ի, մինչ խնձորին (Քեսապի արտադրութեան 65%ը) արժէքը անկում արձանագրած է (միջին հաշուով՝ 125 ս.ոսկիէն 85-90 ս.ոսկիի իջած է, արտածումի անհնարութեան պատճառաւ):
Հրաշքի համազօր է որ տակաւին սուրիական թղթոսկին կը տոկայ եւ պետութիւնը, խաղաղ կամ նոր խաղաղած շրջաններուն մէջ կը պահէ ընկերվարական բնոյթ ունեցող տնտեսական ենթակառոյցները, քանդուածը վերաշինելով, իր նեցուկը բերելով՝ հացի, շաքարի, բրինձի, վառելանիւթի եւ կենցաղային կարգ մը այլ նիւթերու գիներուն եւ նոյնիսկ երբեմն տնտեսական նոր հաստատութիւններ հիմնելով:
Քեսապի մխիթարական միւս երեսը, միութենական կեանքի պատկերն է:
Սկսած են անխափան գործել յարանուանական կիրակնօրեայ վարժարաններն ու միութիւնները:
Կը գործեն Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» եւ «Գետաշէն» մասնաճիւղերը:
Կը գործէ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղը, որ շուտով իր թատերախումբով բեմ պիտի բարձրացնէ թատերական կտոր մը:
Կը գործէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Քեսապի մասնաճիւղը: Կը գործեն Ս.Ե.Մ.-ի երիտասրդական թէ պատանեկան մասնաճիւղերը: Կը գործէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Քեսապի մասնաճիւղը:
Մտաւոր, դաստիարակչական եւ հոգեկան կեանքի աշխուժութիւնը հոգիները միայն կրնայ խայտացնել:
Քեսապ կայք հաստատած զօրքը որքան ալ հպարտութիւնը ըլլայ ժողովուրդին, ի տես՝ իր զինուորագրուած զաւակներուն, սակայն միանգամայն մտահոգութիւն կ’առթէ, հաստատելով որ տագնապը ցարդ չէ աւարտած, հակառակ այն իրողութեան, որ նահանգը գրեթէ վնասազերծուած է ահաբեկչական խումբերէն:
Ի տես վառելանիւթի գիներուն մագլցումին, գիւղացիք եւ զօրքը այս տարուան մեղմ եւ անցեալ տարուան խիստ ձմրան տաքցան, տագնապի առաջին երեք տարիներուն՝ նենգաբար հրկիզուած անտառներու խանձած փայտի օգտագործումով: Թէեւ գտնուեցան մարդիկ, որոնք իրենց «քիթերուն չտարին» դիւրավառ եւ խանձած մայրիի փայտը եւ սղոցեցին կաղնի կամ փշկաղնի, երկարամեայ դալար ծառեր, բնութեան բաժին հանելով «սուրիական տագնապի» ալեկոծած պատուհասներէն:
Քեսապցիք անցնող երկու տարուան ընթացքին արձանագրած են 10 ծնունդ, որուն դիմաց շուրջ 30 մահ ու նաեւ 15 պսակ, ամուսնութիւն:
Սակայն, այս ամէնուն չափ եւ ա՛լ աւելի կարեւոր է ապահովութեան իրավիճակը:
Կրկնելու գնով կ’ընդգծենք. Թուրքիոյ հարեւանութիւնը, անապահովութեան իրողութեան փաստն է:
Հայութեան համար դարաւոր եւ դաւադիր թշնամի է ան, որքան որ հայութիւնը, իմա քեսապահայութիւնը խաղաղասէր ըլլայ:
Վկայ՝ Ատանայի կոտորածը եւ քեսապցիներու աւելի քան 160 կորուստները, տեղահանութիւնը, թալանը եւ տուներուն հրկիզումը (1909ին):
Վկայ, Մեծ Եղեռնը 1915ին, որ կուլ տուաւ քեսապահայութեան 3/4ը (8500էն միայն 2300ը վերապրեցան):
Վկայ, 2014 Մարտ 21ի տեղահանութիւնը, իր նիւթական կորուստներով եւ մահերով:
Քեսապ, ժողովուրդին վերադարձէն ի վեր քանիցս ենթարկուեցաւ զինեալ հրոսակային ջարդարար խումբերու արձակած հրթիռներու տարափին, որուն վերջինը՝ Յունուար 20ին. երկուքը պայթեցան գիւղին մէջ, իսկ մէկը՝ բնակարանէս 30 մեթր անդին, ջարդելով մեր դռներուն ու պատուհաններուն ապակիները:
Բարեբախտաբար, հրթիռներուն մեծ մասը պայթեցան լեռներուն վրայ, առանց նիւթական եւ մարդկային վնասներ պատճառելու:
Շուրջ երկու տարի, գրեթէ ամէն օր լսեցինք գիւղիս բարձրունքներուն զետեղուած թնդանօթներու եւ հրասայլերու արձակած ռումբերուն ձայները:
Մեր լսողական բնազդը «զարգացում» արձանագրելով՝ սկսանք կռահել, թէ ո՛ր շրջանին վրայ կը տեղային այդ արկերը (րոպէները եւ ակնթարթները հաշուելով):
Վերադարձէն մինչեւ այսօր, ապրեցանք եւ կ’ապրինք ջղապիրկ պահեր, թէ արդեօ՞ք այդ զինեալ վարձկաններուն անգամ մը եւս թոյլ պիտի տա՞յ թուրք դաւադիր պետութիւնը Քեսապը տեղահանութեան ու քանդումի ենթարկելու:
Սուրիական պետութիւնը եւ անոր դաշնակից պետութիւնները եւ ուժերը վճռակամ են արմատախիլ ընելու միջազգային ահաբեկչութիւնը, որուն նեցուկ կանգնած են Թուրքիան, Սաուտական Արաբիան եւ շարք մը խամաճիկ, վարձկան պետութիւններ:
Այսօր, արդէն քանի մը օրէ ի վեր իբրեւ թէ հրադադար է, սակայն ոչ՝ ահաբեկչական կառոյցներուն համար, որոնց մեծամասնութիւնը կը կազմեն դուրսէն եկած բազմացեղ ու մարդակերպ վարձկաններ:
Սուրիոյ ազգային բանակը, Քեսապի եւ Լաթաքիոյ նահանգի սահմաններէն բաւական անդին շպրտեց այդ զինեալ խմբաւորումները:
Հազիւ թէ քանի մը փոքր եւ սակայն Թուրքիոյ սահմանամերձ բնակավայր մնացած է, զորս պէտք է վնասազերծել:
Այժմ թնդանօթը, հրասայլը մեր ականջին տակէն չէ որ կ՚որոտան, այլ աւելի անդիներէն, հեռուներէն՝ ռազմագիտական բարձունքներու կամ հովիտներու վրայ բազմած, կը հրակոծեն թշնամիին դիրքերը:
Վերը արդէն յիշեցինք, թէ Լաթաքիոյ նահանգը գրեթէ վնասազերծուած է ահաբեկչական զինեալ խումբերէն:
Բայց մեր հոգիներուն մէջ փոթորիկ կայ: Մեր հոգիները ցնցուած են եւ վիրաւոր:
Երբ թնդանօթը կ՚որոտայ, մօտէն թէ հեռուէն՝ կը մտահոգուինք: Ո՞ւր կը հարուածէ: Որքա՞ն ծանր է մարտը…
Թնդանօթը լռեց… ինչո՞ւ… ի՞նչ պատահած է արդեօ՞ք…, արդեօ՞ք… ինչո՞ւ լռած է:
Կ’ըսուի, թէ քանի մը օր ետք, միջազգային գերպետութիւններու հսկողութեան ներքեւ վեհաժողով պիտի գումարուի Սուրիացիներու, իշխանամէտ եւ իշխանամերժ հոսանքներու մասնակցութեամբ, քաղաքական պայքարով ելք փնտռելու այս անօրինակ տագնապէն:
Սակայն, տակաւին տասը օր առաջ թրքական եւ սաուտական խաւարային պետութիւնները սպառնալիք կը տեղացնէին Սուրիոյ գլխուն, թէ ռազմական ցամաքային միջամտութիւն պիտի կատարեն առանց նոյնիսկ դոյզն ուշադրութիւն ընծայելու մեծ տէրութիւններու յորդորներուն եւ սպառնալիքներուն:
Ո՞վ կրնայ երաշխաւորել սատանային դաւերուն աւարտը:
Սակայն, ըլլայ Սուրիա, ըլլայ Քեսապը, ըլլայ Սուրիացին, Սուրիահայը եւ մանաւա՛նդ Քեսապահայը, պարտաւոր են լաւաատես ըլլալու:
Այդ լաւատեսութիւնն էր, որ «ազատագրեց» Քեսապը:
Այդ լաւատեսութիւնն էր, որ տուն դարձուց բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
Եւ այդ լաւատեսութիւնն է, որ կը կերտէ ու կը պահէ հայրենիքը՝ Սուրիան ու Քեսապը:
Կարօ Վ.Մանճիկեան
2016 Մարտ 7