image

Երկիրը Երկի՛ր Է.Ռաֆֆի Տուտագլեան

Երկիրը  Երկի՛ր Է.Ռաֆֆի Տուտագլեան

Երբ Սուրիոյ մէջ ծագած կռիւները քանի մը տարի առաջ Հալէպ հասան, բազմահազար սուրիահայեր տուն, խանութ եւ գործարան իրենց ետին թողելով, ապաստան գտան հայրենի խաղաղ երկինքին տակ։ Անոնցմէ շատեր յոյս ունէին, որ պատերազմը շուտով վերջ պիտի գտնէ, եւ բոլորն ալ պիտի վերադառնան իրենց քաղաքը։ Օրեր, շաբաթներ, ամիսներ անցան, եւ ոչինչ փոխուեցաւ Սուրիոյ ներքին ռազմաճակատներուն վրայ, ընդհակառակը՝ կացութիւնը աւելի վատթարացաւ եւ կենցաղային պայմանները անտանելիօրէն դժուարացան։ Սուրիահայերուն դէպի Հայաստան հոսքը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, թէպէտ աւելի դանդաղ կշռոյթով։

Հայաստան, պէտք է ըսել, գրկաբաց ընդունեց հայրենիք հասած բոլո՛ր հայերը եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ, բազմաթիւ դիւրութիւններ ընծայեց գաղթականի հոգեբանութեամբ ապահով երդիք փնտռող մեր հայրենակիցներուն։

Մեծ է թիւը անոնց, որոնք Եւրոպա եւ Գանատա մեկնեցան (ու կ՛ուզեն մեկնիլ), յուսալով, որ աւելի լաւ կեանք պիտի ունենան այդ ցամաքամասերուն վրայ։ Անցեալ ամառ Ֆրանսայի Պորտօ քաղաքին մէջ ծանօթացայ հայ ընտանիքի մը, որ շուրջ երկու տարի Երեւան մնալէ եւ ճաշարանի յաջող գործ սկսելէ ետք, ապօրինի ճանապարհներով «Շենկեն» վիզա ստանալու համար 35 հազար եուրօ ծախսած էր, որպէսզի կարենար Ֆրանսա երթալ եւ գաղթականի կարգավիճակ ստանալ։ Իսկ նոյն այս ընտանիքի գործընկերները Երեւանի Սայաթ Նովա փողոցին վրայ, «Լեւոն Թրեւըլ» գրասենեակին մօտ բացած են փոքրիկ ճաշարան մը եւ արագ սնունդի անկիւն մը՝ «Հալէպի Ճաշեր» անունով։

«Ի՞նչ պէտք ունինք Եւրոպա երթալու, հոս ալ կարելի է հանգիստ ապրիլ։ Տեսէ՛ք, կ՛աշխատինք ու ընտանիք կը պահենք», ըսաւ ճաշարանատէրը, երբ հարց տուի, թէ չուզէ՞ր արդեօք իր գործընկերոջ նման Եւրոպա ապաստանիլ։

Այսօր բազմաթիւ սուրիահայեր գործարարութեամբ կը զբաղին Հայաստանի մէջ։ Անոնք ներդրումներ կատարած են շինարարական ծրագիրներու մէջ, բացած են օճառի, կօշկագործութեան, կարի, կահոյքի արտադրութեան փոքր գործարաններ։ Ոմանք յաջողած են, ուրիշներ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, մանաւանդ արտահանման եւ ներկրման հետ կապուած։ Հայաստանի շուկան փոքր է եւ պէտք է արտասահմանեան նոր շուկաներ գտնել, իսկ սա շատ լուրջ մարտահրաւէր է նորաստեղծ պիզնեսներուն համար։ Արհեստաւորները կը փորձեն իրենց հմտութիւններով մրցունակ ըլլալ, կան բժիշկներ, որոնք հիւանդանոցներու մէջ գործ գտած են կամ բացած իրենց սեփական դամանատունը։ Ուրիշներ դրամատուներու եւ այլ ընկերութիւններու մէջ պաշտօնեայ դարձած են, եւ այսպէս՝ կը փորձեն վերապրիլ, դիմանալ եւ յառաջդիմել, մինչեւ յստականայ Սուրիոյ իրենց բնակավայրերուն ճակատագիրը։

Սուրիահայերու ամէնէն ակնյայտ, աչքառու գործը, սակայն, արեւելեան ճաշարաններն են, որոնք Երեւանեան ճաշարանային մշակոյթին մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն։ «Տէրեան Քեպապ»ին մասին, օրինակ, գրած է նոյնիսկ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը։ Անոնց տէրերը երկու խնամիներ են, որոնցմէ մէկը ունեցած է մեծ ձուլարան՝ 150 գործաւորով, իսկ միւսը եղած է առեւտրական։ Հիմա ճաշարանատէր են եւ հպարտ են իրենց ստեղծած այս գողտրիկ անկիւնով։

«Վեց ամիս սպասեցինք։ Համրուած դրամը շուտ կը վերջանայ։ Կրնայինք երթալ Եւրոպա, բայց որոշեցինք ճաշարան մը բանալ եւ ապրուստ ապահովել։ Սկիզբը, փոքրիկ այդ սենեակն էր, ապա տանտէրէն ուզեցինք վարձել ետեւի սենեակը եւ գործը մեծցուցինք, հիմա այս դուրսի բակն ալ աւելցուցինք։ Փառք Աստուծոյ, կ՛աշխատինք ու դժգոհութիւն չունինք», ըսաւ խնամիներէն մէկը, երբ հետաքրքուեցայ իրենց գործին մասին։

Գրած էի արդէն «Լահմաճուն Կայծ» ճաշարանի պատին կպցուած «Երկիրը երկի՛ր է» յայտնի գրութեան մասին։ «Ո՞նց թէ էս անտէր երկիրը երկիր է, ախպեր ջան», օրին մէկը Կայծին հարց տուաւ ընկներներէս մէկը։

«Այո, երկիրը երկի՛ր է, իսկ ինչո՞ւ ոչ։ Միւս տեղերը ասկէ լա՞ւ են, հոն պիտի չաշխատի՞ն, պիտի չյոգնի՞ն։ Մենք մե՛ր միջոցներով, առանց մէկուն օգնութեան մեր գլխուն ճարին նայեցանք։ Իսկ եթէ բոլորով քիչ մը օգնենք մեր տեղացի եւ նոր եկած հայերուն՝ որպէսզի ոտքի կանգնին, երկիրը երկիր կ՛ըլլայ ո՛չ միայն մեզի, այլ աշխարհի բոլոր հայերուն համար», պատասխանեց Կայծ։

 

«Ասպարէզ» 

 

Գրեցէ՛ք ինծի։

Րաֆֆի Տուտագլեան

rafdoud@aol.com