9-10 փետրուարին հանրապետութեան առանձին շրջաններուն մէջ, իսկ 11-13 փետրուարին շրջաններու մեծ մասին մէջ կը սպասուի ձիւն: Քամին՝ հիւսիս-արեւելեան՝ 3-8 մ/վ արագութեամբ:
ԱԻՆ հիդրոմետ ծառայութենէն կը տեղեկանանք, որ օդի ջերմաստիճանը 9-ի գիշերը պիտի բարձրանայ 4-6 աստիճանով, 9-ի ցերեկը միայն Լոռիի, Տաւուշի, Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ պիտի նուազի 7-10 աստիճանով:
Երեւանի մէջ 9-10 փետրուարին կը սպասուի ամպամածութիւն, հնարաւոր է թոյլ ձիւն: 11-13-ը ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի ձիւն: Վաղը ցերեկը մայրաքաղաքի մէջ կը սպասուի 0-էն -2 աստիճան ցուրտ։