Քիչ առաջ բացումը կատարուեցաւ Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին, որ կը կրէ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրը եւ նուիրուած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին: Քառօրեայ համաժողովը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ մինչեւ Հոկտեմբեր 24, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ:
Համաժողովին կը մասնակցին 140 լրագրողներ` աշխարհի 31 երկիրներէ:
Բացման սկիզբը, մասնաւցութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարին եւ ՀՀ փոխադրամիջոցներու նախարարի տեղակալին՝ կատարուեցաւ գրող Սրբուհի Տիւսաբին նուիրուած դրոշմաթուղթին մարումը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Այնուհետեւ կարդացուեցան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձն ու Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը:
Համաժողովի համացանցային հեռարձակումը կը կազմակերպեն «Նոյեան տապան» լրատուական կեդրոնը (Երեւան), «Ազդակ» օրաթերթը (Լիբանան) եւ «Քոննեքթ թու քոմիունիքէյշըն» ընկերութիւնը (Միացեալ Նահանգներ): Կը խնդրենք հարցումներու պարագային դիմել Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութիւն`aama@nt.am հասցէով, կամ հեռաձայնել +374 60 351121 կամ +1 818 646-10-72:
Համաժողովին ամբողջ ընթացքը կարելի է դիտել համացանցով` Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան կայքին միջոցով, հետեւեալ հասցէով.http://mediaforum.am/?page_id=390&lang=hy,
«Նոյեան տապան» լրատուական կեդրոնի կայքին միջոցով, հետեւեալ հասցէով.http://nt.am/am/sppages/22/
«Ազդակ» օրաթերթի կայքին միջոցով` http://www.aztagdaily.com/
«Քոննեքթ թու քոմիունիքէյշըն»-ի կայքին միջոցով` https://www.connecttotv.com/