Յառաջիկայ 5 օրերու ընթացքին, կը սպասուին բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ հովտային եւ նախալեռնային շրջաններուն մէջ, այս մասին տեղեկացուցած է ԱԻՆ՝ Ազգային իրավիճակներու նախարարութիւնը, ներկայացնելով յառաջիկայ 5 օրերու հանրապետութեան տարծքի կանխատեսումը, ըստ որու 17 յուլիսի ցերեկը, 18-19ին, հիւսիսային կարգ մը վայրերու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, որոշ վայրերու մէջ հնարաւոր է նաեւ կարկուտ: 20-22 յուլիսին կը սպասուի ոչ անձրեւային եղանակ։
Քամին՝ հարաւ-արեւմտեան` 3-8 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ հնարաւոր է քամիի ուժգնացում` 20-2 5 մ/վ:
Օդի ջերմաստիճանը 21 յուլիսին պիտի բարձրանայ 2-3 աստիճան:
Իսկ Երեւանի մէջ 17 յուլիսի ցերեկը, 18-22-ին կը սպասուի ոչ անձրեւային եղանակ:
Ըստ մասնագիտացած հողաօդերեւութաբանական հաշիւներու եւ եղանակային պայմաններու տուեալներու վերլուծման, 2019 թուականին, խաղողի հանրապետական միջին բերքատուութիւնը 1 հեկքթարէն կը սպասուի 11թոն: