Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 27 փետրուարին՝ ժամը 09:30-ի դրութեամբ ՀՀ տարածքին մէջ կան փակ եւ դժուարանցանելի ճանապարհներ:
Վարդենեաց լեռնանցքը փակ է:
Սպիտակի ոլորաններն ու Սոթք-Քարվաճառ ճանապարհը (մերկասառոյց) դժուարանցանելի են միայն բեռնատար մեքենաներու համար:
Լոռիի, Վայոց ձորի, Կոտայքի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ, Արագածոտնի մարզի Աշտարակ, Ապարան, Գեղարքունիքի մարզի Սեւան, Գաւառ, Մարտունի, Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքներուն մէջ եւ «Սիսիանի զանգեր», «Մեղրիի սար» կոչուող հատուածներուն մէջ կը տեղայ ձիւն:
Ձիւն կը տեղայ նաեւ Երեւանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ:
Երեւան-Սեւան ճանապարհի 25-էն 30-րդ քմ-ին տեղ-տեղ առկայ է մերկասառոյց:
Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռնային անուադողերով։