image

Երեւանի մէջ ամպրոպ եւ անձրեւ

Երեւանի մէջ ամպրոպ եւ անձրեւ

ԱԻՆ օդերեւութաբանական ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ 17 յունիսի ցերեկը, 18-19-ը, 22-ի կէսօրէն ետք եւ գիշերը շրջաններու զգալի մասին մէջ, 20-21-ի կէսօրէն ետք հիմնական հիւսիսային շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ` քամիի ուժգնացում՝ 15-20 մ/վ: Առանձին վայրերու մէջ հնարաւոր է նաեւ կարկուտ:

Քամին` հարաւ-արեւմտեան՝ 3-8 մ/վ: Օդի ջերմաստիճանը էապէս չի փոխուիր:

Մայրաքաղաքին մէջ 17 յունիսի ցերեկը, 18-22-ի երեկոյեան ժամերուն եւ գիշերը քաղաքի առանձին հատուածներուն մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, հնարաւոր է քամիի ուժգնացում՝ մինչեւ 15-18 մ/վ արագութեամբ: