Երեւանի Նոր Նորք շրջանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Շուշիի պաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին նահատակուած՝ ՀՅԴ անդամներ՝ Յարութ Բանոյեանի (1976-ի ծնունդ, հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար Հայաստանի Հանրապետութեան 2-րդ աստիճանի մետալակիր, Հալէպի հայաշատ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան հրամանատար), Յակոբ Ասթարճեանի (199-ի ծնունդ, Հալէպի հայաշատ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան մարտիկ) եւ Մոսիկ Սեքլեմեանի (1992-ի ծնունդ, Հալէպի հայաշատ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան մարտիկ) հոգեհանգստեան արարողութիւնը:
Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը` Նոյեմբեր 19-ին` Երեւանի ժամով 15:00-ին, «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ: