Այսօր առաւօտ, Լաթաքիոյ մէջ շարք մը պայթումներու ձայներ լսուած են, որոնք արդիւնք են Գրտահա շրջանին դէմ եղած հրթիռարձակումներու: Կը նշուի նաեւ, որ արդէն երրորդ օրն է, որ Լաթաքիոյ մերձ գտնուող շրջանները թիրախ կը դառնան ահաբեկիչներու հրթիռներուն:
Լաթաքիոյ աքթիւիսթներուն համաձայն, ահաբեկչական խումբերը Գրտահայի եւ Ճապլէի շրջակայքի ուղղութեամբ 12 հրթիռ արձակած են, սակայն հրթիռարձակումներուն հետեւանքով մարդկային տոյժեր չեն գրանցուած: Աղբիւրները նաեւ նշած են, որ երէկ Գրտահայի մէջ երկու անձ զոհուած եւ հինգ ուրիշներ վիրաւորուած են ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ քաղաքի թիրախաւորման պատճառով:
Նշնենք, որ այս խմբաւորումները կը պատկանին «Ժապհաթ Ալ-Նուսրա»ին, կը ստանան Թուրքիոյ աջակցութիւնը:
Խմբաւորումները այս արարքներով կը շարունակեն խախտել հրադադարի մասին եղած համաձայնութիւնը: