«Դամասկոսի մէջ այսօր իրավիճակը խաղաղ եւ կայուն է, բայց երէկ բաւական ծանր գիշեր մը անցուցինք»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան: Սրբազանը նաեւ նշեց, որ երէկ գիշեր հրթիռարձկումներու ենթարկուած է յատկապէս Դամասկոսի Պապ Թումա քրիստոնէաշատ շրջանը, ուր հրթիռ մը ինկած է շրջանին մէջ եղող ճաշարանի մը վրայ` պատճառ դառնալով մեծ թիւով մարդկային կորուստներու: Սրբազանին խօսքով, զոհերուն թիւը հասած է 8-ի եւ գրանցուած են 25 վիրաւորներ: Հրթիռներ ինկած են նաեւ եւ հայ Կաթողիկէ եւ Լատինաց եկեղեցիներու մօտակայքը: Ըստ Սրբազանին, եկեղեցիները չեն վնասուած, բայց հրթիռի պայթումին հետեւանքով փշրուած են հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի շէնքի կարգ մը ապակիները: Նշենք, որ երէկ եղած ծանր հրթիռարձaկումներուն հետեւանքով զոհwuրուածներուն մէջ հայեր չկան: Իրավիճակը այսօր խաղաղ է Դամասկոսի մէջ: