image

Եռաբլուրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցուած է Վազգէն Սարգսեանի յիշատակին

Եռաբլուրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցուած է Վազգէն Սարգսեանի յիշատակին

Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայաստանի ազգային հերոս, ՀՀ պաշտպանութեան առաջին նախարար, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յիշատակին, կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը։

Յիշեցնենք, որ այսօր՝ 5 Մարտին կը լրանայ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան 60-ամեակը:

Սպարապետին ծննդեան օրուան առիթով Եռաբլուր այցելած են ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեան, Ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան, ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեան, պատգամաւորներ ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: