Էջմիածնի մէջ «քորոնա» ժահրի հետ կապուած իրավիճակի վերաբերեալ համացանցի մէջ գոյները թէժացած են: Այն, ինչ կը ներկայացուի, իրականութեան չի համապատասխաներ: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ, Էջմիածնի քաղաքապետ Տիանա Գասպարեանը «Ֆեյսպուք»ի իր էջին ուղիղ հեռարձակմամբ յորդորած է հետեւիլ պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն: Ան ներկայացուցած է մանրամասներ Էջմիածնի բնակչի մօտ «քորոնա» ժահրի դէպքի հաստատման վերաբերեալ:
Հաշուի առնելով, որ Էջմիածնի մէջ մէկ դէպք կայ, նաեւ 12 մարտի երեկոյեան նախատեսուած՝ 5 ապրիլի սահմանադրական հանրաքուէին ընդառաջ քարոզարշաւային հանդիպումը Տիանա Գասպարեանը յետաձգած է: Յետագայ օրերու վերաբերեալ պիտի ներկայացնէ մանրամասներ: