Իսրայէլեան «Ետիհոթ Ահրոնոթ» թերթը յայտնած է, որ վերջերս Եգիպտոս մեկնիլ ցանկացող իսրայէլցի զբօսաշրջիկներու խումբեր անցագիր ստանալու համար դիմելով Թէլ Աւիւի մէջ Եգիպտոսի դեսպանութիւն, մերժողական պատասխան կը ստանան:
Թերթին փոխանցմամբ, Թրամբի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցուելէ եւ ԱՄՆ դեսպանութիւնն այնտեղ տեղափոխելու որոշումէն ետք Իսրայէլի մօտ Եգիպտոսի դեսպանութիւնն սկսած է մերժել իր երկիր այցելել ցանկացող իսրայէլցիներու մուտքի արտօնագիրներու դիմումները:
Թերթը յայտնած է նաեւ, որ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարզաբանում պահանջած է Եգիպտոսի դեսպանութենէն, որուն ի պատասխան վերջինս յայտնած է, թէ Եգիպտոսի ներկայ իրավիճակը նպաստաւոր չէ իսրայէլցի զբօսաշրջիկներու շրջակայութեան համար: