Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, հրաւիրուած էր Գանատա, ուր տուաւ դասախօսութիւններ եւ գիրքերու ներկայացումներ։ Այսպէս, Հինգշաբթի, 24 Սեպտեմբերին, Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի եւ Մոնթրէալի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, դոկտ. Մատթէոսեան իր երեք գիրքերուն ներկայացումը կատարեց Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը անուանելու քաղաքականութիւնը», «Աշխարհի կին մը՝ Արմէն Օհանեան» (համահեղինակութեամբ՝ Արծուի Բախչինեանի) եւ «Ընտրուած գոյնը. հայերը եւ ցեղային քաղաքականութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ մէջ (1890-1945)»։ Շաբաթ, 26 Սեպտեմբերին, ան դասախօսեց «Կոստան Զարեանի ուղեգրութիւնները» նիւթին շուրջ «Լեւոն Շանթ» հայերենագիտական լսարանին համար։
Այնուհետեւ, դոկտ. Մատթէոսեան ճամբորդեց Թորոնթօ, ուր Կիրակի, 27 Սեպտեմբերին ներկայացուց իր աշխատասիրութեամբ ու Համազգայինի «Օշական» մատենաշարի հրատարակութեամբ լոյս տեսած Կոստան Զարեանի «Կղզին եւ մի մարդ» վիպակի եւ Լօրընս Տառէլի «Պրոսպերոյի կղզին» ուղեգրութեան (թարգմանութիւն՝ Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան) հատորը։ Ներկայացումը կազմակերպուած էր Թորոնթոյի Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղին կողմէ Հայ Կեդրոնի «Յ. Մանուկեան» գրադարանին մէջ։
Վերջապէս, Երկուշաբթի, 28 Սեպտեմբերին, դոկտ. Մատթէոսեան «5-րդ դարու հայ պատմիչները» նիւթով դասախօսեց Գանատայի Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան հովանաւորած Թորոնթոյի հայագիտական նորաստեղծ լսարանին ծիրին մէջ։
Մոնթրէալի մէջ իր կեցութեան ընթացքին, դոկտ. Մատթէոսեան հարցազրոյցներ ունեցաւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթին, «Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլի յայտագրին եւ «Հայ Կեդրոնի ձայն» ձայնասփիւռային յայտագրին հետ։



