image
Հրատապ լուրեր:

Ս. Գրիգոր Տաթեւացի հիմնարկը՝ 40-ամեայ երթով

Ս. Գրիգոր Տաթեւացի հիմնարկը՝ 40-ամեայ երթով

Ս. Գրիգոր Տաթեւացի  Հիմնարկը օրերս նշեց իր հիմնադրութեան 40-ամեակը։ Յոբելեանի առիթով Նիւ Ճըրզիի մէջ տեղի ունեցաւ տեղեկատուական համագումար, որուն ներկայ գտնուեցաւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արժ. Տ. Անուշաւան Սրբազան Արքեպիսկոպոսը։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Արեւելեան Թեմի Ս. Գրիգոր Տաթեւացի  Հիմնարկը այս շաբաթավերջին նշեց իր հիմնադրութեան 40-ամեակը՝  Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ ՝ Գերշ. Տ.  Անուշաւան Արք.ի հովանաւորութեամբ։

Շաբաթ կէսօրէ ետք, Նիւ Ճըրզիի Ռիճֆիլտ քաղաքին Ս. Վարդանանց Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տեղեկատուական համագումար մը, որուն յաջորդեց երեկոյեան ճաշկերոյթ մը՝ Հ. Յովնանեան վարժարանին մէջ։

 Յաւարտ  արարողութեանց Կիրակի օր,   Սրբազան  Հայրը  մատուցեց  Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Սրբոց  Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։