image

«Եղած բոլոր գործողութիւնները քաղաքական են» Գ. Ծառուկեան

«Եղած բոլոր գործողութիւնները քաղաքական են» Գ. Ծառուկեան

Բոլոր գործողութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են իմ ելոյթէն ետք, քաղաքական են։ Այս մասին 14 յունիսի 14-ին, ԱԱԾ շէնքէն դուրս գալով՝ լրագրողներուն ըսած է ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը։

«Ես սա կ'ընդունիմ քաղաքական, որովհետեւ պապուս թիւի գործերը նայելով ու ըսելով… Կան թուղթեր, սարքած թուղթեր։ Ամէն ինչ, որ եղած է իմ յայտարարութենէն ետք, միայն քաղաքական կը համարեմ։ Քննութիւնը կը կատարուի, որուն լիարժէք բոլորդ տեղեակ կ'ըլլաք։ Կրնաք դիմել համապատասխան մարմիններուն։ Այսօր կ'ըսեմ՝ ես սեփականատէր եմ, ոչ մէկ կառավարման հետ կապ չունիմ։ Իմ ելոյթէս առաջ ըլլար, կրնար յիսուն-յիսուն ըլլալ, բայց իմ ելոյթէն ետք եղած է»,- ըսած է ԲՀԿ առաջնորդը:

Նշենք, որ Ծառուկեանի առանձնատունը ԱԱԾ–ն խուզարկած էր, ապա ԱԱԾ կանչած՝ հարցաքննութեան, ուր Ծառուկեանը մնացած էր ութ ժամէն աւելի։