Ծանր զարգացում մը գրանցուած է Եէմէնի մէջ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ մայրաքաղաք Սանհայի հարաւային հատուածին մէջ եղող «Սգոյ սրահ»ի մը վրայ եղած օդանաւային երկու գրոհներուն հետեւանքով զոհուած են հարիւրաւոր քաղաքացիներ: Նախնական տուեալներով, զոհերուն թիւը հասած է 150-ի եւ այն կրնայ բարձրանալ մինչեւ 200, մինչ վիրաւորներուն թիւը անցած 300-ը: Ցաւակցութիւն տալու համար այդ սրահը ուղղուած Շիիթ եէմէնցիներուն մէջ եղած է նաեւ Սանհա քաղաքի կառավարիչ ՝ Ապտըլ Քատէր Հիլալ, որ նոյնպէս զոհուած է: Կը նշուի նաեւ, որ զոհերուն մէջ կան տասնեակ երեխաներ: Մէկէ աւելի շիիթ պատասխանատուներ խստօրէն դատապարտած են դէպքը եւ յայտարարած, որ այս զարգացումը իր ժխտական հետեւանքները պիտի ունենայ եէմէնեան բանակցութեանց վրայ: Յիշեցնենք, որ հուսիներու մօտիկ համարուող մէկէ աւելի աղբիւրներ մեղադրած են Րիատի կազմած «արաբական դաշինք»ը , որպէս գլխաւոր պատասխանատու այս ծանրագոյն սպանդին:
'