image

Ձուլուած Հայեր. Յակոբ Քորթմոսեան

Ձուլուած Հայեր. Յակոբ Քորթմոսեան

Վերջին տասնամեակին եւ երեւի աւելի, հարցին մասնագէտները աւելի լաւ գիտեն, մեր լեզուամտածողութեան մէջ նոր եզր մը սկսաւ գործածուիլ՝ «իսլամացած հայեր», որը վերջին այս մի քանի տարիներուն ընթացքին կարծէք զարթօնք ապրած է եւ յաճախակի կը խօսուի այդ մասին: Այդ եզրէն մղուած յառաջացաւ նաեւ յօդուածիս վերնագիրը:

Արդարեւ, ըլլալով ժառանգորդները մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն, ակամայից ցրուած ենք աշխարհով մէկ: Ծանօթ ասացուածքներ են, «լեռը լերան չի՛ հանդիպիր, հայը հայուն կը հանդիպի» եւ «աշխարհի որ կողմն ալ երթաս, անպայման հայ մը կը գտնես»: Այլ խօսքով, այսօրուան Սփիւռքը ձեւով մը պարտադրուած իրողութիւն էր Հայ ժողովուրդին համար: Ընդունուած հաստատում է, որ այն ինչ որ պարտադիր է, հաճելի չէ եւ յաջողութեան յոյս չունի: Սակայն, այս հաստատումը մեր ժողովուրդին համար չէ, որովհետեւ յետ Ցեղասպանութեան ուր ալ գացինք, մենք մեզ յաջողեցանք արժեցնել, շէնցնելով ու ծաղկեցնելով այն քաղաքներն ու երկիրները, որոնք մեզ սիրալիր ընդունեցին: Մէկ երկրի պարագային չկարողացանք նոյն յաջողութիւնը ունենալ զորս այլուր ունեցանք, այն ալ 1991-ի անկախութենէն ետք մեր Հայրենիքն է՝ Հայաստանը, պատճառներու մեկնաբանութեան ալ կը թողում ընթերցողին:

Այսօր սակայն, երբ արդէն հարիւր տարի անցած է Ցեղասպանութենէն եւ Հայկական Սփիւռքի պաշտօնական ծննդեան թուականէն (որով մինչ այդ ալ սփիւռք ունեցած ենք, սակայն ո՛չ այսօրուան հասկացողութեամբ), այդ փայլուն պատկերը սկսած է խամրիլ ու պղտորիլ: Այսօր Սփիւռքը ամբողջութեամբ լուրջ խնդիրի դիմաց կանգնած է, որն է հայապահպանութիւնը, որու դիմաց սակայն լուրջ անտարբերութիւն մը կը տիրէ, որ տարուէ տարի զգալիօրէն կ'աճի: Յանցաւորներ ու մեղաւորներ փնտռել չէ նպատակս երբեք, այլ՝ խօսիլ է ճշմարտութեան մը մասին, որ իւրաքանչիւր ճշմարիտ հայու համար լուրջ մտահոգութիւն է: Ինքնախաբէութիւնն ու կեղծ պահուածքները այս պարագային ոչինչով կ'օգնեն մեզի: Մերժել ընդունիլ այս ճշմարտութիւնը եւ փորձել այնպէս ներկայացնել որ աշխատանք կը տարուի այդ խնդրին դիմակայելու համար՝ պարզապէս մանկամտութիւն է: Մեզի համար անհրաժեշտ է առողջ եւ իրապաշտ մտածում կարենալ ճիշդ կերպով դիմակայել այս խնդիրին, որ լրջօրէն կը սպառնայ Սփիւռքի գոյութեան:

Քաջալերելի են այն բոլոր աշխատանքները զորս կը տարուին Սփիւռքի մէջ Հայ հայ պահելու համար, սակայն կատարուածը ըստ երեւոյթին բաւարար չէ եւ կամ ալ ճիշդ կերպով չի կատարուիր: Շատեր կրնան համակարծիք չըլլալ ըսածիս, սակայն եթէ այսօրուան Սփիւռքին վիճակը ուշադրութեամբ քննենք, կը կարծեմ որ յատնապէս կամ ծածկապէս պիտի համաձայնիք ըսուածին: Մինչ մեր հայրերն ու մեծ հայրերը իրենք զիրենք առանց եկեղեցիի, դպրոցի, ակումբի եւ միութեան չէին պատկերացներ, այսօր սակայն գացէք եկեղեցի՝ դատարկութիւն, մտէ՛ք հայկական դպրոցներ՝ տարուէ տարի աշակերտութեան թիւը կը նուազի, այցելեցէ՛ք որեւէ մէկ ակումբ՝ մատի վրայ հաշուուած երիտասարդներ, յաճախ նոյն դէմքերը, այդ ալ որով պաշտօն մը կամ պարտականութիւն մը ունին կատարելիք, անցէ՛ք միութիւններուն, տարին մէկ երկու ճաշկերոյթ, մէկ երկու դասախաօսութիւն, եւ......

Վիճակը լուրջ մտահոգեցուցիչ ու ցաւալի է: Կրկնակի ցաւալի է, որովհետեւ այսօրուան Հայաստանը ի զօրու չէ իր զաւակները իր թեւերուն տակ առնել ու պահել: Իսկ Հայաստանէն դուրս այսօր ապրիլը, գոյատեւելը, առաւել եւս որպէս Հայ գոյատեւելը եթէ «դժուար» չէ, դիւրին ալ չէ հաստատ: Նայեցէ՛ք այսօրուան սփիւռքեան երիտասարդութեան, քանի՞ տոկոսը հայ է: Անունն ու ազգանունը դեռ եւս չի՛ նշանակեր թէ տուեալ անձ մը հայ է:

Ի՞նչ կարելի է ընել: Ելք կա՞յ արդեօք: Աւելին, յոյսի նշոյլ մը կա՞յ: Ո՞վ է պատասխանատուն այս բոլորին: Կա՞յ արդեօք սփիռքեան մարմին մը, որ այս խնդրի մասին կը մտածէ եւ կ'աշխատի քայլերու դիմել կարենալ դիմակայել այս խնդրին: Պատասխանը չեմ գիտեր եւ կը դժուարանամ ալ հաւատալ, որ օրին մէկը կարելի ըլլայ այդպիսի մարմին մը ստեղծել, որու սկզբունքն ու նշանաբանը թափանցիկութիւնն ու Սփիռքի պահպանութիւնը ըլլայ, այնքան ատեն որ համազգային որոշում չկայ Սփիւռքը չքացնելու:

Առ այդ, այս բոլորին լոյսին տակ, արդեօ՞ք յաջորդող տասնամեակներու ընթացքին մեր լեզուամտածողութիւնը պիտի ծանրանայ նոր եզրով մը, որն է «ձուլուած հայեր»...: Յառաջիկայ տարիները իրենք պիտի տան պատասխանը:

 

Յակոբ Քորթմոսեան

20 Փետրուար 2016