image

Դժուար է ըսել, որ դէպի Հայաստան ներհոսք մը կայ... սակայն ատոր յոյսը կայ. Երեւան հաստատուած Պէյրութահայ լուսանկարիչ

Դժուար է ըսել, որ դէպի Հայաստան ներհոսք մը կայ... սակայն ատոր յոյսը կայ. Երեւան հաստատուած Պէյրութահայ լուսանկարիչ

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Երեւան հաստատուած Պէյրութահայ լուսանկարիչ՝ Վան Թոթոն (Թորոս Տէր Արթինեան)

 

-Երբ եւ ինչ պատճառներով Հայաստան հաստատուեցաք։

Հայաստան վերադարձած եմ 10 տարի առաջ: Սակայն մինչ այդ պարբերաբար այցելած էի հայրենիք, շրջած տարբեր վայրեր, ուսումնասիրած, ծանօթացած բնութեան, մարդոց, առհասարակ Հայաստանի հետ: Հայկական մշակոյթը մանկութենէս ձեւաւորուած է իմ մէջ: Դաստիարակութիւնս հայկական է, կրթութիւնս` նոյնպէս: Տարբեր երկիրներ ապրած են, բայց արմատապէս հաստատուելու ցանկութիւնն առաջացաւ Հայաստանի մէջ: Կը կարծեմ` պատճառը պարզ է. ես հայ եմ եւ կ'ուզեմ ապրել իմ հայրենիքիս մէջ:  

 

-Ներկայիս կը զբաղուիք լուսանկարչութեամբ, ի՞նչ հանգամանքներու  բերումով ընտրեցիք այս արհեստը։

 Լուսանկարչութեամբ մինչ Հայաստան հաստատուիլս ալ զբաղած եմ: Սկիզբը այն հոպի էր, յետոյ դարձաւ մասնագիտութիւն: Ես կը սիրեմ տեսնել աշխարհը ֆոթոխցիկի ոսպնեակի միջոցով ու յաւերժացնել լաւագոյն պահերը: 

 

-Ձեր ընտրած  ոլորտը մարզական-լրատուական լուսանկարչութեան ոլորտն է։ Ինչպիսի՞ դժուարութիւններու դէմ հանդիման կը գտնուիք։ Դժուա՞ր ոլորտ է ձեր ընտրած մասնագիտութիւնը Հայաստանի մէջ եւ եթէ այո, ինչո՞ւ։

Իւրաքանչիւր մասնագիտութիւն ունի իր դժուարութիւնները, բայց եթէ դուն քու աշխատանքդ սիրելով կ'ընես, ոչ թէ ստիպուած, դժուարութիւններն աննկատ կ'անցնին քովէդ: Չէի ըսեր, որ Հայաստանի մէջ մարզական լուսանկարչութիւնը բարդ ոլորտ է, բայց այն աւելի զարգանալու կարիք ունի: Յուսամ մեր երկիրը իր հեռանկարներուն մէջ կ'ունենայ աւելի ճկուն, աճող ու զարգացող մարզաշխարհի   ոլորտններ  (սփորթ), ինչի արդիւնքով ալ իմ մասնագիտութիւնս աւելի պահանջուած եւ հեռանկարային կը դառնայ:


-Հայաստանի մարզական լրագրութեան ոլորտը բաւական խոցելի   երեսներ ունի, իսկ եթէ այն համեմատենք Եւրոպական կամ միջազգային  ոլորտի այսօր պարզած իրավիճակին հետ, ապա  ի՞նչ  կրաք ըսել  այդ  առումով։  Ի վերջոյ  ի՞նչ  կը պակսի Հայաստանին։ 

Ի տարբերութիւն եւրոպական երկիրներու` Հայաստանը զարգացող երկիր է, եւ սփորթն ալ շատ մը այլ ոլորտներու նման դեռ զարգացման փուլի մէջ կը գտնուի: Իհարկէ, կան մարզաձեւեր, ուր մենք լուրջ արդիւնքներ գրանցած ենք, եւ, յոյսով եմ, որ այն կը տարածուի ամբողջ ոլորտին վրայ: Մարզաձեւերու (Սփորթ) զարգացումը նախեւառաջ մեծ ներդրումներ կը պահանջէ, մեզի անհրաժեշտ են միջազգային չափանիշներուն համապատասխան, մարզական գոյքով ապահովուած  մարզական դպրոցներ, որակաւորուած մասնագէտներ, նոր մոտեցումներ: Հայաստանը կրնայ միջազգային մակարդակով շատ աւելի լուրջ յաջողութիւններու հասնիլ, եթէ սփորթի ոլորտին մէջ լուրջ ներդրումներ կատարուին:

 

-Վերջին ամիսներուն տարբեր աղբիւրներ եւ մարդիկ յաճախ  հետեւութիւններ կ՚ընեն, որ Լիբանանէն դէպի Հայաստան ներգաղթի       նոր արշաւ մը կրնայ սկսիլ։ Ինչո՞վ  կը պայմանաւորէք այդ մէկը։

Ճիշդը ըսեմ, ես չեմ նկատեր, որ յատկապէս վերջին ամիսներուն ներգաղթը թափ առած ըլլայ: Եթէ այդպէս է, կը դժուարանամ մէկ յստակ պատասխան տալ: Պատճառները տարբեր մարդոց մօտ կրնան տարբեր ըլլալ: Օրինակ բերեմ իմ ընկերներս: Կան այնպիսիներ, որոնք արդէն տեղափոխուած են հայրենիք, կան, որ ունին լուրջ մտադրութիւն տեղափոխուելու եւ այստեղ մշտապէս հաստատուելու: Երբ ինծի  կը դիմեն, ես միշտ խորհուրդ կու տամ անպայման առնել այդ քայլը: Իմ կարծիքով` գլխաւոր խոչընդոտը պիզնես ոլորտի ռիսքերն են: Եթէ մարդիկ վստահ ըլլան, որ այստեղ կրնան ազատ ու արդար մրցակցութեան դաշտի մէջ գործել, կը կարծեմ, շատերը կը վերադառնան:

-Եթէ  արագ  համեմատական մը ընէք, ճիշդ կը գտնէք ձեր Լիբանանը  ձգելու եւ Հայաստան հաստատուելու քայլը։  Եթէ  այո,  ինչո՞ւ։

Ես այդ քայլն արդէն արած եմ եւ ոչ մէկ պահ չեմ զղջացած: Մենք  Հայաստանի կարիքը ունինք, Հայաստանն ալ` մեր: Առանց ժողովուրդի երկիրը չի կրնար զարգանալ, մարդն ալ իր հայրենիքէն դուրս չի կրնար լիարժէք զգալ իրեն:  Եթէ մենք մեզ անընդհատ սահմանափակենք դժուարութիւններով եւ խոչընդոտներով, ցանկացած երկրի մէջ ալ դժուար կ'ըլլայ: Ես կը կարծեմ, որ մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները  քաջալերող   ազդակներ պիտի դառնան մեր շատ հայրենակիցներուն համար՝ վերադառնալու հայրենիք: Եւ, ի հարկէ, այդ ճիշդ քայլ է: