Այս տարուան Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան ոլորտը միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ կորսնցուցած է, որոնց հիմնական մասը կը կազմեն Ռուսիայէն մեկնողները: Այս մասին յայտնած է «Ermenihaber.am»: Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ ռուսական ռազմական ինքնաթիռի խոցումէն տարի մը անց թրքական «Sondakika.com» կայքը ներկայացուցած է 2 երկիրներու յարաբերութիւններուն ժամանակաւոր ճգնաժամին հասցուցած վնասները զբօսաշրջութեան ոլորտին:
Մասնաւորապէս համեմատութիւն կատարուած է 2015-ի սկիզբէն մինչև Նոյեմբերի 24-ը (ռուսական ինքնաթիռի խոցման օրը) եւ 2016-ի սկիզբէն մինչեւ Նոյեմբերի 24-ը Թուրքիոյ ամենայայտնի զբօսավայր` Անթալիա ժամանած ռուս զբօսաշրջիկներու թուաքանակին միջեւ: Ըստ այնմ` 2015-ի նոյն ժամանակահատուածի համեմատությամբ 2016-ին այդ թիւը նուազած է 84 տոկոսով` 2 մլն 800.000-էն նուազելով 452.000-ի: նկատելով, որ 432.000-ը Թուրքիա այցելած է Սեպտեմբերի 2-էն ետք, երբ ռուսական կողմը կրկին արտօնեց չուերթներու իրականացումը:
2016-ի Յունուարի 1-էն մինչեւ Օգոստոսի 31-ը Անթալիա ժամանած ռուս զբօսաշրջիկներու թիւը չէ գերազանցած 20.000-ը այն պարագային, երբ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին այդ թիւը կազմած էր 2 մլն 170.000:
Հանգստավայր-քաղաքի տնտեսութեան գլխաւոր եկամուտը հանդիսացող ոլորտին 30-35 տոկոսը կը կազուի Ռուսիայէն ժամանող զբօսաշրջիկներու հաշուին:
Նշուած է, որ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ այս տարի արձանագրուած անկումը այս կամ այն չափով ազդած է յարակից մօտ 52 ոլորտի վրայ, որ եւ հիւրանոցներու աշխատակազմերու կրճատումէն մինչեւ սնունդի ոլորտի արտադրանքի սպառման դժուարություններու պատճառ դարձած է: