ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած է ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու միջնորդութիւնը մերժելու՝ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի որոշման դէմ: Այս մասին Aysor.am-ին յայտնած են գլխաւոր դատախազութենէն: