image

Դատախազութիւնը Ծառուկեանը կալանաւորելու պահանջով վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած է

Դատախազութիւնը Ծառուկեանը կալանաւորելու պահանջով վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած է

ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած է ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու միջնորդութիւնը մերժելու՝ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի որոշման դէմ: Այս մասին Aysor.am-ին յայտնած են գլխաւոր դատախազութենէն:

Յիշեցնենք՝ 21 յունիսին դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեանը մերժած է Գագիկ Ծառուկեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը։