image

Դամասկոսը կը վերագտնէ իր նախկին փայլքը. Հրապարակուած են լուսանկարներ (Լուսանկարներ)

Դամասկոսը կը վերագտնէ իր նախկին փայլքը. Հրապարակուած են  լուսանկարներ (Լուսանկարներ)

Օրերս Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի նոր լուսանկարներ տարածուած են, ուր քաղաքը լուսաւորուած ու պայծառ տեսք ունի, բան մը, որ պատերազմի անցնող վեց տարիներու ընթացքին սուրիացի ժողովուրդին համար երազ դարձած էր, կը գրէ «Ալ Տիար»ը:

Նշուած լուսանկարներու հեղինակը, ըստ աղբիւրին, լրագրող Եուսէֆ Պատաուի է, որ Քասիուն լերան գագաթէն լուսանկարած է քաղաքը, մասնաւորապէս Դամասկոսի հիւսիս-արեւելեան Ռուքն Ալ Տին շրջանի կողմէն:

Պատաուի նշած է, որ Դամասկոսը լուսանկարելն իր նախասիրութիւններէն մէկն է, եւ շատ կը ցանկայ նման բարձրութենէ լուսանկարել Սուրիոյ միւս քաղաքները նոյնպէս:

Նշենք, որ 2015 թուականին արբանեակներու միջոցով լուսանկարուած Դամասկոսի աւելի քան 90 տոկոսը մթութեան մէջ էր, մինչդեռ այսօր արդէն լուսաւորուած է այնպէս, ինչպէս Սուրիոյ միւս քաղաքները: