image

Դամասկոսի մէջ. Սպաննուած է «Յեղափոխութեան պահակներ»ու ազդեցիկ զօրավար մը

Դամասկոսի մէջ. Սպաննուած է «Յեղափոխութեան պահակներ»ու ազդեցիկ զօրավար մը

Իրանեան աղբիւրներու յղում տալով, Lebanon  Files կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ Դամասկոսի մէջ սպաննուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան «Յեղափոխութեան պահակներ»ու զօրագունդի պատասխանատուներէն` զօր. Ֆարհատ Տապիրեանը։

Աղբիւրը նաեւ կը  նշէ, որ զօրավարը սպաննուած է Դամասկոսի «Սըթ զէյնապ» շրջանին մէջ։

Կը նշուի նաեւ, որ իրանցի զօրավարը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Թատմորի մէջ ահաբեկիչ զինեալներու դէմ մղուած մարտերուն։