Իրանեան աղբիւրներու յղում տալով, Lebanon Files կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ Դամասկոսի մէջ սպաննուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան «Յեղափոխութեան պահակներ»ու զօրագունդի պատասխանատուներէն` զօր. Ֆարհատ Տապիրեանը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ զօրավարը սպաննուած է Դամասկոսի «Սըթ զէյնապ» շրջանին մէջ։
Կը նշուի նաեւ, որ իրանցի զօրավարը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Թատմորի մէջ ահաբեկիչ զինեալներու դէմ մղուած մարտերուն։