image

Դամասկոսի դէմ քիմիական զէնքի օգտագործման մեղադրանքը պատրուակ է Սուրիոյ բանակը հարուածելու. Ասատ

Դամասկոսի դէմ քիմիական զէնքի օգտագործման մեղադրանքը պատրուակ է Սուրիոյ բանակը հարուածելու. Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Ասատ յայտարարած է, որ Դամասկոսի դէմ ուղղուած քիմիական զէնքի կիրառման մեղադրանքներն անհիմն են, եւ նպատակ կը հետապնդեն հարուածներ հասցնել Սուրիոյ բանակին:

«Սանա» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Ասատ յայտնած է, որ Միջազգային դաշնութեան ուժերը աջակցելով զինեալ խմբաւորումներուն որպէս թիրախ ունին Սուրիոյ բանակը:

Ասատ նշած է նաեւ, որ արեւմտեան լրատուամիջոցներու կողմէ մարդասիրական թեմաներով հրապարակումներուն միակ նպատակը ահաբեկչական խմբաւորումներու կրած պարտութենէն ետք զանոնք վերականգնելն է:

Ասատ շեշտած է, որ Ղութայի քաղաքացիներուն ցանկութիւնն է փրկուիլ ահաբեկիչներու տիրապետութենէն, այդ պատճառով ալ Ղութայի մէջ ռազմական գործողութիւնները պիտի շարունակուին, միաժամանակ առիթ տալով անզէն քաղաքացիներուն լքել մարտերու շրջանը: