Թել Աւիւեան դատարան մը ցկեանս բանտարկութեան վճիռ սահմանած է պաղեստինցի Ռաէտ Խալիլի (37 տարեկան) հասցէին, 19 Նոյեմբեր, 2015-ին, քաղաքին կառատուներէն մէկուն մէջ, 2 իսրայէլացիներու սպաննութեան եւ 3-րդին դանակահարման մեղադրանքով: Այս մասին «Ալ-Քուտս»ի համաձայն, կը տեղեկացնէ Իսրայէլի արդարադատութեան նախարարութիւնը:
Յիշեցնենք, որ 19 Նոյեմբերը արիւնալի օր մըն էր Իսրայէլի համար, ուր 2 յարձակումներու ընթացքին 5 իսրայէլացիներ սպաննուած էին, եւ որու պատճառով դատապարտուած էին բազմաթիւ պաղեստինցիներ:
Ֆրանս Փրէսի տեղեկութիւններուն համաձայն, պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացիներու միջեւ բռնութեան ալիքի բարձրացումով, 1 նոյեմբեր, 2015-էն ի վեր, սպաննուած են 241 պաղեստինցի, 36 իսրայէլացի, 2 ամերիկացի, 1 յորդանանցի, 1 արիթերիացի եւ 1 սուտանցի: