Անոր խօսքով, AstraZeneca-ի պատուաստանիւթով պատուաստումները ամբողջ աշխարհի մէջ կը շարունակուին, իսկ որոշ տեղերու մէջ ժամանակաւոր կասեցուած են: Մասնագէտները պէտք է հետաքննեն ոչ միայն պատուաստանիւթի որակը, այլ նաեւ անոր փոխադրման հետ կապուած բոլոր մանրամասները: Մասնագիտական յանձնաժողովի կարծիքները հիմք պիտի դառնան հետագայ որոշումներու համար:
«Միանշանակ: AstraZeneca-ով պատուաստանիւթով ամբողջ աշխարհում պատուաստումներն ընթանում են, որոշ երկրներում որոշ խմբաքանակների մասով կասեցուել է, ընթացքը ցոյց կը տայ», - ըսած է նախարարը, պատասխանելով լրագրողներու հարցին այն մասին, որ կառավարութիւնն ամէն պարագայի չի բացառեր, որ AstraZeneca կրնայ պատուիրել:
«COVAX facility հարթակով բանակցութիւններ ենք վարում, այո, նաեւ AstraZeneca-ի հետ, եւ շարունակելու ենք վարել: Մեր որոշումները կայացնելու ենք, հիմնուելով մասնագիտական միջազգային կառոյցների եզրակացութիւնների վրայ», -ըսած է նախարարը:
Անոր խօսքով, Հայաստանը չի պատրաստուիր կեդրոնանալ միայն մէկ պատուաստանիւթի վրայ՝ «մի քանի տարբերակ ենք պատրաստւում ունենալ»:
Յիշեցնենք, որ վերջին օրերուն շատ երկիրներ սկսած են հրաժարիլ «Քորոնա» ժահրի դէմ AstraZeneca ընկերութեան արտադրած պատուաստանիւթէն: Մասնագէտներուն կը մտահոգեն այն տեղեկութիւնները, որ պատուաստանիւթը կրնայ նպաստել թրոմբերու (արեան դոնդող) առաջացման եւ կրնայ անվտանգ չըլլալ տարեցներու համար:
Հայաստանն այս պահի դրութեամբ AstraZeneca-ի պատուաստանիւթ չի ներմուծեր, իսկ բուժաշխատողները կը պատուաստուին "Sputnik V" դեղամիջոցով: