image

Չափանիշերու անտրամաբանական փոփոխութիւնները. Հրայր Տաղլեան

Չափանիշերու անտրամաբանական փոփոխութիւնները. Հրայր Տաղլեան

Գիտութեան, մարդկային մտածողութեան, աւանդութիւններու, մշակոյթներու եւ աշխարհահայացողութեան փոփոխութիւններու կողքին, ներկայիս փոփոխութեան ենթարկուած են նաեւ չափանիշերն ու արժէչափերը: Սակայն դժբախտաբար բոլորին ալ միչեւ կատարուած փոփոխութիւնները եղած են բնականոն ընթացքէն շատ աւելի արագ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին եւ ամբողջութեամբ հակառակ ուղղութեամբ, չէզոքացնելով անցեալի եւ ներկայի չափանիշերուն եւ արժէչափերուն միջեւ եղած բոլոր հասարակաց գիծերը:

Կարելի է երկա՜ր-երկա՜ր էջերով խօսիլ գիտութեան, աւանդութիւններու, մշակոյթներու եւ այլ իրողութիւններու արժէչափերու եւ չափանիշերու կրած փոփոխութիւններուն մասին, սակայն այսօր այս յօդուածով աւելի պիտի ծանրանանք ընկերային եւ մանաւանդ մեր հայկական իրականութենէն ներս եղած անտրամաբանական փոփոխութիւններուն մասին: Այդ փոփոխութիւններէն կը տառապի ամբողջ աշխարհը, սակայն մենք հայերս մասնագէտ ենք զանոնք աւելիով իւրացնելու եւ կիրակելու մեր կեանքին մէջ:

Սկսինք այդ անտրամաբանական փոփոխութիւններու մի քանի օրինակներ տալ:

Ա.- Վկայեալն Ու Չվկայեալը:

Անցեալին, հաւանաբար մեր թուականէն 50 տարիներ առաջ եւս վկայեալ բժիշկը, հոգեբանը, հայագէտը եւ իր ճիւղին մէջ մասնագէտը այն անձն էր, որ ստացած էր համապատասխան ուսում, երկար տարիներու վրայ երկարող. Իսկ այսօր այդ «յոգնութիւն»ը կրելը այնքան ալ պարտաւորիչ չէ... ծանօթներու, բարեկամական կապերու միջոցաւ կարելի է նոյնիսկ ամենաբարձր վկայականը ձեռք ձգել, համապատասխան ճիւղին մասին կաթիլ մը գիտելիք անգամ առանց ունենալու...: Իսկ եթէ բարեկամական կապը այնքան այլ զօրաւոր չէ, դարձեալ խնդիր չէ. բոլորս ալ գիտենք որ դրամը ամէն բան կրնայ ընել... ու ինքնաբերաբար բարձրաստիճան բարեկամները կը շատնան:

Հաւանաբար ձեզմէ շատեր արդէն իսկ գիտեն, որ օտար պետութիւններու մէջ մեր հայրենիքի՝ Հայաստանի վկայականները ընդունուած չեն որպէս վաւերական վկայագիր... շատ մը երկիրներ դարձեալ իրենց տեղական երկրի քննութիւնը դիմել կու տան անհատին, ստուգելու համար անոր գիտութիւնն ու կարելիութիւնները: Այդ իսկ պատճառով պիտի զգաք հետեւեալ տարբերութիւնը: Անցեալին ամէն բժիշկ, ատամնաբոյժ կամ որեւէ մէկ մասնագիտութեան տէր մարդ առաջին հերթին իր բուժարանէն կամ արհեստանոցէն ներս պատէն կը կախէր իր վկայականը, որպէսզի մարդիկ տեսնեն անոր վկայեալ մասնագիտութիւնը, սակայն այս օրերուս մարդիկ անոր անհրաժեշտութիւնը չեն զգար: Նոյնիսկ պատշօնեայ ընդունելու պարագային պիտի զգաք, որ այս օրերը աւելի փորձարութիւն կ'ուզուի, քան վկայական, որովհետեւ ներկայ դարուս թուղթը չէ որ կը փաստէ մարդուն ինչ ըլլալը, այլ կարողութիւնները, որովհետեւ մէկը կրնայ նոյնիսկ օդաչու դառնալ... առանց օդանաւի դուրսը անգամ տեսած ըլլալու:

Բ.- Կրօնաւոր Դառնալու Չափանիշը

Վստահաբար ամէն մարդ կը մտածէ ու պիտի մտածէ թէ կրօնաւոր դառնալու չափանիշը սրբակենցաղ կեանք, կրօնական գիտութիւն ու կոչում ունենալն է: Իրականութեան մէջ այդպէս է, եւ կամ ալ կրնանք ըսել որ այդպէս էր, սակայն այսօր նոյնը չէ պարագան: Կրօնաւոր դառնալու արժէչափերն ու չափանիշերը անգամ կրած են իրենց փոփոխութիւնը: Հոգ չէ թէ աւազակ եւ անբարոյ  անձ մըն ես. «ասոր» «անոր» մարդը ըլլալով շատ դիւրութեամբ կրնաս շրջանի մը քահանայ, գաղութի մը հոգեւոր հովիւ եւ ինչու չէ... երկրի մը առաջնորդ դառնալ: Սրբակենցաղութեան ու գիտութեան եւ այլ արժէքներ շատ դիւրութեամբ այսօր կարելի է փոխարինել «ասոր» բարեկամութեամբ, որ աւելի հաստատու վկայագիր մը կը հանդիսանայ գան հազար ու մէկ կրօնաւոր գիտելիքներու վկայականներ ու վկայութիւններ:

Կարդացէ՛ք դարեր առաջ ապրող կրօնաւորներու կեանքը եւ ականջ դրէք ներկայիս կէս սուտ կէս իրաւ կրօնաւորներու մասին պատմուող նիւթերուն: Պիտի տեսնէք անցեալը միշտ ալ աւելի աղուոր պիտի գտնէք քան ներկան (անշուշտ այն պարագային, երբ ներկայի գործող արժէչափերէն շահեր չունիք): Կրօնական կեանքին մէջ եւս գիտութիւնն ու կենցաղը բաւարար չէ, ընդհակառակը պէտք է ըլլաս խորամանկ, պատասխանատու վերին մարմինը հաճեցնող, հասնելու համար դիրքի մը: Մեծերու կողմէ սիրվեցա՞ր... վնաս չէ թէ ոճրագործ ես. այդ մէկը բաւարար կ'ըլլայ քեզ սուրբ յայտարարելու:

Գ.- Հայերէնի Անտրամաբանական Չափանիշը

Հայերէնի ուսուցիչ եւ կամ թերթի խմբագիր ըլլալու համար կը կարծէ՞ք բաւարար է միայն հայերէն գիտնալ...: Եթէ կը կարծէք, այդ պարագային դուք կա՛մ ուսուցիչ էք եւ կամ ալ խմբագիր, որովհետեւ ներկայիս ուսուցչութիւնն ու խմբագրութիւնը հայերէն գիտնալ չգիտնալու հիման վրայ չէ որ որպէս պաշտօն կը տրուի անձի մը: Այդ մէկը անցեալին էր. թէ՛ 50 տարիներ առաջ եւ թէ՛ 100 տարիներ առաջ այդ մէկը գոյութիւն ունէր, սակայն այսօր ոչ:

Կարդացէ՛ք մեր Զարթօնքի ժամանակաշրջանի Պոլսահայ գրողներու կեանքերն ու գործերը: Անոնք կը գնահատուէին իրենց իմացականութեամբ ու մտային հարստութեամբ. խմբագիր եւ ուսուցիչ կը նշանակուէր ան՝ որ իրապէս արժանի էր ան պաշտօնին: Ունեցած ենք բազմաթիւ գրագէտներ, որոնք զբաղած են զանազան արհեստներով ու գործերով, սակայն երբ գրական աշխարհ նետուած են, մարդիկ գնահատելով անոնց աշխատանքն ու հմտութիւնը զիրենք նշանակած են խմբագիրներ եւ ուսուցիչներ, շատ անգամ նոյնիսկ ինքնաշխատութեամբ տեղ հասած մեր գրողներու պարագային: Սակայն այսօր Մեսրոպ Մաշտոց ալ ըլլաս այդ մէկը երբեւիցէ կարեւորութիւն ու նշանակութիւն չունի մարդոց համար:

Իրականութեան մէջ խմբագիր եւ կամ ուսուցիչ ըլլալու նպատակն ու առաքելութիւնը հայ լեզուի զարգացումն ու տարածումն է. Անցեալին կ'ընտրուէին այնպիսի անձեր, որոնք պիտի կարենան լեզուի սէրը փոխանցել թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ՛ ընթերցողներուն: Սակայն ներկայիս թէ արժէչափերը եւ թէ նպատակները փոխուած են. «այսինչ»ը եւ կամ «այնինչ»ը գոհացնելու համար, «այսինչ» կուսակցականին հաճելի երեւելու համար եւ կամ բարեկամական կապերը ամուր պահելու համար է որ կ'ընտրուին ներկայիս այդպիսիները:

Նոյն օրինակը առէք նաեւ նախարարութիւններուն մէջ. օրինակ առողջութեան եւ կամ բժշկութեան նախարար կը նշանակուի այնպիսի անձ մը, որ ոչ մէկ աղերս ունի բժշկական ու առողջապահական գիտելիքներուն հետ: Կարելի է հանդիպիլ կրթութեան նախարարի մը, որ դպրոց նոյնիսկ չէ յաճախած (ինչու ներկայիս մեր ազգային ուսումնական խորհուրդներուն մէջ անձեր չի՞ կան, որոնք «ԱՅԲ – ԲԵՆ – ԳԻՄ»ը չեն գիտեր...):

Ու այսպէս շարունակ իրար հաճեցնելով թէ՛ ազգը, թէ լեզուն եւ թէ մշակոյթը կը տուժէ, սակայն մարդիկ մտահոգ չեն այդ մէկով, որովհետեւ աւելի բարձր նպատակ է ուրիշներուն հաճելի ըլլալը քան լեզուի ու մշակոյթի զարգացումը:

Նման հարցերու պարագային կարելի չէ երկու տարբեր իրողութիւններ միացնել. կա՛մ ազգին ու լեզուին լաւութիւնն ու յառաջդիմութիւնը պէտք է մտածուի, եւ կա՛մ ալ այս կամ այն անձը սիրաշահիլը: Այս երկուքը իրարու հետ կատարելը անհնար է...:

Միշտ ալ նոյն բանը կը մտածեմ. եթէ անձ մը լաւ հայերէն գիտէ, սակայն «ասոր» մարդը չէ, այդ մէկը չափանի՞շ է անոր հայերէն չգիտնալուն: Եւ կամ մէկու մը հայերէն չգիտնալը, սակայն «անոր» մարդը ըլլալը չափանիշ է գիտնալո՞ւ...: 

Դժբախտաբար նման յիմար երեւոյթներով է որ կը տառապի մեր ազգը, ու վերջաւորութեան նոյն մարդերը զարմացած հարց կու տան, ջղային պոռթկումներով կը քարոզեն ու կ'ափսոսան... թէ կը նահանջէ լեզուն... մեր երիտասարդները կը հեռանան... մեր մշակոյթը կ'աղաւաղուի: Եկեղեցիները, դպոցներն ու ակումբները կը պարպուին երիտասարդներէ: Բայց եւ այնպէս վնաս չէ, կարեւորը «այսինչ»ը գոհ է, որ իր մարդը ձրիակերութեամբ կ'ապրի առանց յոգնելու:

Կ'ուզե՞ս յարգուած ու սիրուած մարդ ըլլալ... գիտութիւնդ, ուսումդ ու կարելիութիւններդ կարեւոր չէ, ոչ ալ նկարագրիդ կատարեալ գիծերը: Եղիր յիմար, ապուշ եւ անուս. կարեւորը  «ասոր» կամ «անոր» մարդը եղիր:

 

    Հրայր Տաղլեան