Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան Երկուշաբթի, 7 մարտին ընդունուած են Նախկին ռազմիկներու հարցերու պետական քարտուղար Ժան-Մառք Թոտեսքինիի կողմէ:
CCAF-ի համանախագահները դատապարտած են Ազպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած քարոզչական արշաւը, ինչպէս՝ 26 փետրուարին Փարիզի Յաղթանակի կամարին տակ տեղի ունեցած բոցի արծարծման արարողութիւնը, որ կազմակերպուած է ընդառաջելով Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմումին: Պաքուի քարոզիչները այդ պահը վերածած են Խոճալուի զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան մը:
Նախկին ռազմիկներու հարցերու պետական քարտուղարը ցաւ յայտնած է ի տես Պաքուի կատարած չարաշահումին, շեշտելով, որ ֆրանսական պետութիւնը բացարձակապէս չ’երաշխաւորեր նման արարողութիւններ: Ֆրանսացի պաշտօնեան նաեւ աւելցուցած է, թէ բոցի արծարծման յանձնախումբը բոլորովին անկախ մարմին մըն է եւ թէ երբեք չի դիմեր Ֆրանսայի կառավարութեան, Յաղթանակի կամարին տեղի ունեցող արարողութիւններուն մասին ոչ անոր կարծիքը առնելու ոչ ալ զայն տեղեակ պահելու համար:
Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան շեշտը դրած են Պաքուի նախաձեռնութեան ստայօդ բնոյթին վրայ, որու միջոցով ան կը փորձէ մոլորել հանրային կարծիքը, գործածելով՝ ֆրանսական կառավարութիւնը:
Այս հանդիպման արդիւնքէն ի յայտ կու գայ, որ ազրպյճանական դիւանագիտութիւնը փորձած է քարոզչական ձեռնարկ մը, որ յաջողած է ֆրանսական որոշ շրջանակներու մօտ՝ Պաքուի լոպիին տարած աշխատանքին շնորհիւ:
CCAF-ի համանախագահները հանդիպումէն դուրս ելած են ապահովուած: Բոցի արծարծման յանձնախումբը այսուհետեւ զգօնութեան պիտի հրաւիրուի ֆրանսական կառավարութեան կողմէ: