image

Բողոքի ցոյց Երեւանի մէջ. ՀՅԴ երիտասարդներ կը պահանջեն ԿԳՄՍՆ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը

Բողոքի  ցոյց  Երեւանի մէջ.  ՀՅԴ  երիտասարդներ կը պահանջեն   ԿԳՄՍՆ Արայիկ  Յարութիւնեանի  հրաժարականը

Այսօր բողոքի  երթ մը տեղի  ունեցած  է Երեւանի  մէջ։

ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անդամներ կը պահանջեն Կրթութեան եւ գիտութեան (ԿԳՄՍՆ) նախարար  Արայիկ  Յարութիւնեանի հրաժարականը։

Երիտասարդներու բողոքի ալիքը ընթացք առած էր յատկապէս «Յուզանք եւ զանգ» ներկայացումէն ետք,որուն ֆինանսաւորումը կատարուած է ՀՀ Կրթութեան նախարարութիւնը։

Նշենք, որ ՀՅԴ երիտասարդներ աւելի վաղ դատարկ արկղեր տարած  էին նախարարութեան շէնքին մօտ Յարութիւնեանէն պահանջելով հաւաքել իր իրերը եւ  լքել նախարարութիւնը։

Նշենք, որ   բողոքի  ցոյցը մինչեւ այս լուրին հրապարակուիլը  կը շարունակուի եւ ներկայ պահու դրութեամբ երիտասարդները  նստացոյց  կը կատարեն  Երեւանի նախարարութիւններու գլխաւոր շէնքին դիմաց։ 

 

Լուսանկարը՝  «Թերթ»  կայքէն.