Բրիտանացի խորհրդարանականները մերժած են Brexit-ի պայմաններու վերաբերեալ ԵՄ-ի հետ գործարքը։
Վճռորոշ քուէարկութեան ժամանակ 432 պատգամաւոր դէմ արտայայտուած է գործարքին, որ հաւանութեան արժանացած էր Լոնտոնի եւ Պրիւքսէլի կողմէ 2018 թուականի նոյեմբերին՝ 1․5 տարի շարունակուած բանակցութիւններէն ետք։ Գործարքին կողմ քուէարկած է 202 պատգամաւոր։
Այդպիսով՝ Լոնտոնը ուղի բացած է իրադարձութիւններու զարգացման ողջ շարք մը հնարաւոր սենարներու համար, այդ շարքին՝ «կոշտ» Brexit-ի (առանց համաձայնագրի ԵՄ-էն դուրս գալը) կամ Brexit-ի չեղարկման համար։ Այս մասին կը յայտնէ Reuters գործակալութիւնը։
2019 թուականի 29 մարտին ԵՄ-ն հանգիստ լքելու առիթները այժմ գրեթէ չկան։
Ընդդիմադիր լեյպորիստական կուսակցութեան առաջնորդ Ճերըմի Քորպին խորհրդարան ներկայացուցած է կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու վերաբերեալ առաջարկ, որ պիտի քննարկուի այսօր։
Եւրայանձնաժողովի ղեկավար Ժան-Քլոտ Եունքըր կոչ ըրած է Մեծ Բրիտանիոյ հնարաւորինս արագ ուրուագծել յետագայ քայլերը քուէարկութեան նման ելքէն ետք։
Նշենք, որ Թէրէզա Մէյի կողմէ պատրաստուած եւ առաջադրուած ծրագրի տապալումէն ետք շարք մը փորձագէտներ տեսակէտ յայտնած են, որ Թէրէզայի Մէյի քաղաքական ճակատագիրը դարձած է անորոշ։
