image

Բօթ Իրաքէն. Ոչ եւս է Իրաքի սիմֆոնիք նուագախումբի հիմնադիրներէն՝ հայազգի Նուպար Փշտիկեան

Բօթ Իրաքէն. Ոչ եւս է Իրաքի սիմֆոնիք նուագախումբի հիմնադիրներէն՝ հայազգի Նուպար Փշտիկեան

Իրաքի մէջ կեանքէ հեռացած է հանրայայտ հայազգի երաժիշտ Նուպար Պաշտիկեան, որ 60 տարի առաջ իր մասնակցութիւնը բերած է Իրաքի ազգային սիմֆոնիք նուագախումբի հիմնադրման գործին մէջ: Այս մասին «Քիթապաթ» կայքին մէջ հրապարակում կատարած է Ալի Ապտ Ալ Ամիր, շեշտելով, որ Պաշտիկեանի մահով Իրաքի ազգային սիմֆոնիք նուագախումբը մեծ կորուստ արձանագրեց:

Իրաքահայ ջութակահար Նուպար Պաշտիկեան մեծ նպաստ ունեցած է 1948 թուականին ծնունդ առած «Պաղտատի ֆիլհարմոնիք միութեան» ստեղծման գործին մէջ, որ աւելի ուշ՝ 1959 թուականին, նախագահ Ապտ Ալ Քարիմ Քասէմի օրօք պետականացուելով դարձաւ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբ:

Նշենք, որ Իրաքի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը տարածաշրջանի մէջ հզօրագոյնը համարուած է այդ օրերուն: