image

Ազրպէյճանցի Սպայ Մը «Զաման»ի Բեմէն Խօսած Է Խոճալուի Դէպքերուն Մասին

Ազրպէյճանցի Սպայ Մը  «Զաման»ի Բեմէն Խօսած Է Խոճալուի Դէպքերուն Մասին

«Զաման» թերթը երէկ մեծատառ խորագրիրով կը յիշեցնէ Խոճալուի պատահարները, որոնք Ազրպէյճանի կողմէ ընդունուած են որպէս հայերու կողմէ ազերի ժողովուրդի դէմ գործադրուած լայն սպանդ: Խոճալուի պատահարներուն 24-րդ տարեդարձին առթիւ թերթին աշխատակիցներէն Մէհմէտ Շինշէք Պաքուէն ղրկած է թղթակցութիւն մը, որուն մէջ կը խօսի Խոճալուի մէջ այդ շրջանի Ազրպէյճանական զօրաբանակի հրամանատարներէն Հիւսէյնաղա Կուլիյէւ, որ հայերու կողմէ գերեվարուած էր: Ան կ'ըսէ, որ հակառակ անոր որ 24 տարիներ անցած են, ինք տակաւին չէ կրցած փրկուիլ այն դէպքերու ազդեցութենէն, որոնց ականատես եղած էր: Ան կը պնդէ, որ հայերու կողմէ գործադրուած սպանդէն փրկուելու համար շատեր խոյս տուած են դէպի գաւառակի մերձակայ անտառը, բայց այս անգամ ալ հոն սառած ու մեռած են: