image

Ազրպէյճանցի Սալաֆիստները Կը Կռուին Տահէշի Կողքին

Ազրպէյճանցի Սալաֆիստները Կը Կռուին Տահէշի Կողքին

Ազրպէյճան- («Հորիզոն Ուիքլի»- Մոնթրէալ)- «Իսլամական Պետութեան» ներքին աղբիւրներու համաձայն, ազրպէյճանցի հրամանատարներու դերը «Տահէշ»ի շարքերէն ներս հետզհետէ աճ կ'արձանագրէ, յատկապէս Իրաքի այն շրջաններուն մէջ,  ուր «Տահէշ»   տակաւին կարեւոր ներկայութիւն է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հորիզոն», նշելով, թէ մասնաւորապէս երկու ազրպէյճանցի հրամանատարներ առաջատար ռազմական եւ հետախուզական դերեր ստանձնած են Սուրիոյ մէջ գործող «Տահէշ»ի շարքերուն մէջ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ նախապէս Սուրիոյ մէջ ազէրի զինեալներու մասին՝ որոնց կը տրուի Ճունտալլահ (Աստծոյ մարտիկներ) անունը,  քարոզչութիւններ երեւելի չեն եղած, սակայն ճունտուլլահի նշանակութիւնը կազմակերպութեան մէջ սկսած էր բարձրանալ 2007-էն սկսեալ, սկսած Իրաքի մէջ պատերազմելու անոր երկար պատմութենէն, Ինչպէս նաեւ «Տահէշ»-ի  կողմէ վերջերս որդեգրուած ազգային վերադասաւորման քաղաքականութենէն ետք: Հակառակ անոր, որ կազմակերպութեան ղեկավարութեան ցեղային միջուկը կը շարունակէ մնալ Իրաքը, սակայն այլ բազմաթիւ խումբեր եւս կը մրցին, յաճախ վայրագութեամբ, աւելի բարձր դերեր ստանձնել:

«Տահէշ»-ի շարքերուն մէջ ազրպէյճանական փաղանգի աճը սկսած էր յատկապէս կազմակերպութեան առաջնորդ Ապու Պաքր Ալ-Պաղտատիի 2014 –ի ելոյթէն ետք, ուր ան կը խօսէր «խալիֆայութեան»  վերականգնման մասին: Որպէս փաղանգ՝ ազէրիները կը շարունակեն մնալ աւելի փոքր, քան չեչեններն ու թունէսցիները, սակայն, անոնք վարպետօրէն վարեցին իրենց ցեղային քաղաքականութիւնը, դաշնակցելով իրենց նման այլ փոքր ցեղային խումբերու, ինչպէս՝ տաղստանցիներու եւ տաճիկներու հետ, ձեւաւորելով զօրաւոր եւ աւելի ազդեցիկ խումբ մը՝  «Տահէշ»-ի մէջ: Աղբիւրի համաձայն, Ազրպէյճանի աճող դերը նաեւ կը պայմանաւորուի ISIS-ի նոր՝ օտարերկրացի պատերազմողներ անդամագրելու քաղաքականութեամբ, որոնց շարքին են նաեւ` չեչենները, հիւսիսային ափրիկեցիները եւ լիպիացիները:

Կը տեղեկացուի նաեւ, որ բազմազգութեան հետեւանքով կազմակերպութեան շարքերուն մէջ սկիզբ առած ցեղային լարուածութիւնները, առաջնորդներուն մղած են շրջանին պատկանող տեղական Ուալի մը (կառավարիչ) նշանակել, իր կողքին ունենալով  զօրաւոր  օտարերկրացի  Մուաուէն մը (օգնական), որ պիտի վարէ առաջնորդներու խորհրդականի դերը: