Ազգային ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց «Իմ քայլը» խմբակցութեան խումբ մը պատգամաւորներու կողմէ ներկայացուած Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը, որով կ'առաջարկուի փոխարինել Սահմանադրական դատարանի նախագահը եւ ընդհանուր տեւողութեամբ ոչ պակաս, քան 12 տարի պաշտօնավարած Սահմանադրական դատարանի անդամները (դատաւորները):
Օրէնքի նախագիծը ընդունուած է միաձայն՝ 89 «կողմ» ձայնով: